Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Նախարարական Համաժողովին

7 նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Փարիզի մէջ սկսած 29-րդ նախարարական համաժողովին, որուն ներկայ էին կազմակերպութեան 77 անդամ, կցորդ եւ դէտ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները։

Նախարարական համաժողովին օրակարգին վրայ կը գտնուէին հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Քինշասայի վեհաժողովին ընդունուած որոշումներու իրականացման ընթացքը եւ յաջորդ տարի Տաքարի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։

Նախարարական հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ կարեւոր նկատեց ֆրանսախօս երկիրներու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը եւ կազմակերպութեան աճող դերը միջազգային բեմահարթակին վրայ։

Խօսելով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան մասին՝ Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ տարիէ մը ի վեր Հայաստան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է։ Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան ուրախ է մաս կազմելով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան համայնքին, որ համագործակցութեան կարեւոր միջազգային հարթակ կը հանդիսանայ՝ բազմամշակութային երկխօսութեան միջոցով ժողովուրդներու եւ երկիրներու միջեւ համերաշխութեան ամրապնդման համար, ինչպէս նաեւ  կարելիութիւն կ՛ընձեռէ աւելի միասնական գործելու միջազգային հարթակին վրայ։

Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը կ՛ընթանայ խորհրդարանական, համալսարանական, ապակեդրոնացուած, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ շարք մը այլ կարեւոր ուղղութիւններով։ Այս ծիրին մէջ Երեւան հիւրընկալեց Ֆրանսախօս երկիրներու քաղաքապետերու միջազգային ընկերակցութեան համաժողովը, իսկ մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններու Սենկորի անուան ամպիոններու միջազգային ցանցի տարեկան հանդիպումը եւ արդէն քանի մը տարի շարունակ Ֆրանսախօս երկիրներու ամսուան ծիրին մէջ ամէնէն շատ թիւով ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Հայաստանի մէջ։

Անդրադառնալով տարբեր աշխարհամասերու մէջ կայունութեան ապահովման ուղղուած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց, որ նախորդ տարի Քինշասայի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովին կազմակերպութեան անդամ երկիրները իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն՝ յորդորելով շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու, մասնաւորաբար ուժ եւ ուժի սպառնալիք չօգտագործելու, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ու  տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ՝ կոչ ուղղելով տագնապի բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի օգտագործումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել լուծման խաղաղ հոլովոյթը։

Եզրափակելով խօսքը՝ նախարար Նալբանդեան վստահեցուց, որ Հայաստան ֆրանսախօս երկիրներուն հետ միասին պիտի շարունակէ աշխուժ ջանքեր գործադրել միջազգային բեմահարթակին վրայ՝ կազմակերպութեան դերը աւելի ամրապնդելու, անոր նպատակները յառաջ մղելու ուղղութեամբ։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )