Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կեդրոնացէք միայն մէկ նիւթի վրայ, որպէսզի կարենաք առանց խանգարուելու աւարտել ձեր աշխատանքը։ Կրնաք նաեւ դադար մը առնել։ Հանդարտ աշխատիլը անհրաժեշտ է։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի հրաւիրուիք տեղ մը, որ անծանօթ է ձեզի համար, բայց ձեր ներկայութիւնը կը փնտռուի։ Հաճելի հանդիպում պիտի ըլլայ։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ կարծէք, որ առանձին մնացած էք ձեր պարտականութիւնը կատարելու։ Ձեր բարեկամները պատրաստ են հոգեկան քաջութիւն ներշնչելու ձեզի։ Անհոգ եղէք։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութեան մը ծրագիրը կը սերտէք։ Եթէ նոր վերադարձած էք արձակուրդէ մը, հարկ է որ քիչ մը սպասէք, որովհետեւ ձեր պիւտճէն անբաւարար է։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ գոհանալու տրամադրութիւն ունիք, ինչ որ ունիք նիւթական իմաստով, դժգոհելու պատճառ չէք ունենար։ Ընչաքաղցութիւնը հիւանդութիւն է։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երաժշտութիւնը հոգին կ՛ազնուացնէ, միտքը կը պայծառացնէ։ Պիտի նախընտրէք գտնուիլ արուեստի մթնոլորտի մէջ։ Օրը պիտի անցնի հաճելի եւ արդիւնաւէտ։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր լսած ամէն խօսքի մի՛ հաւատաք, մանաւանդ երբ ան կը վերաբերի անհիմն լուրերու։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ եւ իմաստուն։

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հագուածքը կը փոխէ անձին կերպարանքը, դրական կամ ժխտական իմաստով։ Հետեւեցէք նորաձեւութեան, բայց՝ առանց չափազանցութեան։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն։ Հեռու մնացէք իւղոտ պատառներէ։ Ուժ տուէք բանջարեղէնով պատրաստուած թեթեւ ճաշերու, որպէսզի առողջ մնաք։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր ծրագիրներ մշակելու ատենը չէ։ Արդէն ունիք աշխատանքներ, որոնք կը կարօտին ժամանակի եւ լուրջ ուսումնասիրութեան։ Գոհացէք ներկայ գործով։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ արուեստի հակում ունիք, կամ ընթերցանութիւնը կը նախընտրէք, միացէք արուեստի կեդրոնի մը հրաւէրին, շատ կը գոհանաք, կը զարգանաք։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկու անձերու միջեւ ծագած վէճի մը միջամուխ մի՛ ըլլաք։ Կողմնակալի դիրք մի՛ ունենաք, որպէսզի անգիտակցաբար անարդար չըլլաք։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )