50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1963)

Ազգային Կեանքը Հալէպի Մէջ

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, որ 26 հոկտեմբեր, շաբաթ, Երուսաղէմ մեկնած էր՝ ընկերանալով Խորէն կաթողիկոսին, երկու հայրապետներու սիրոյ ողջագուրման առիթով, Հալէպ վերադարձաւ 31 հոկտեմբեր, ուրբաթ երեկոյ եւ արժանացաւ հալէպահայութեան կողմէ շքեղ ընդունելութեան։

Քահանայ հայրերը, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց ինքնաշարժներով դիմաւորեցին սրբազան հայրը եւ զայն առաջնորդեցին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, ուր հաւաքուած էր հսկայ բազմութիւն մը։

Սրբազան հայրը զգեստաւորուած՝ «Հրաշափառ»-ով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ Ս. սեղանին առջեւ աղօթելէ ետք, խօսեցաւ ժողովուրդին՝ շատ զգացուած։ Սրբազան ուխտաւորը օրհնեց ժողովուրդը Երուսաղէմի սրբատեղիներու անունով, ուր աղօթած եւ ուխտ կատարած էր. ապա ողջոյնը եւ օրհնութիւնը հաղորդեց Վազգէն եւ Խորէն կաթողիկոսներուն։ Դպրաց դասը, որ կազմուած էր անխտիր Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու դպիրներէն, երգեց «Ուրախ լեր Ս. եկեղեցի» եւ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»։

Կարելի չէ նկարագրել ժողովուրդին հոգեկան ապրումները։

Հաշտութեան այս ուրախ առիթով առաջնորդ սրբազանը 3 նոյեմբեր, կիրակի, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սպասարկեցին Ատոմ եւ Համազասպ քահանաներ։ Ս. պատարագին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը։ «Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ սրբազանը ներշնչուած՝ տպաւորիչ քարոզ մը խօսեցաւ, բնաբան ունենալով հետեւեալը. «Եւ եղեւ խաղաղութիւն մեծ»։ Պատկերացուց Երուսաղէմի մէջ կատարուած սուրբ գործին իմաստը եւ թելադրեց ժողովուրդին, որ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար ամէն ջանք ի գործ դնէ։ Քարոզէն ետք շարականներով կատարուեցաւ աղօթք եւ մաղթանք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառութեան, նուիրապետական չորս աթոռներու գահակալներու արեւշատութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։

Մաղթանքը խոր տպաւորութիւն թողուց ժողովուրդին վրայ եւ Հայց. եկեղեցւոյ զաւակները անգամ մը եւս ուխտեցին հաւատարիմ մնալ մայրենի եկեղեցւոյ։

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Օգնութեան Խաչի Պէյրութի
Նոր Վարչութիւնը

Օգնութեան խաչի Պէյրութի վարչութիւնը եղանակի բացման առիթով ունեցաւ թէյասեղան հաւաքոյթ մը, ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր 1963, կ. ետք ժամը 3։00-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ։ Ներկայ էին մեծ թիւով անդամուհիներ։

Ժամը 4։30-ին, հաւաքոյթէն ետք տեղի ունեցաւ անդամական ընդհանուր ժողով։ Զեկուցում տրուեցաւ Պատգամաւորական ժողովին մասին, որուն շուրջ եղան հարցումներ եւ տրուեցան լուսաբանութիւններ։ Կարդացուեցաւ վարչութեան տարեկան նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրը։ Անդամներու կողմէ եղան խորհրդակցութիւններ եւ թելադրութիւններ՝ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան շուրջ։

Տեղի ունեցաւ վարչական ընտրութիւն.

Ընտրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները.

Մաթիլտ Պուտագեան-Քէշիշեան, Արուսեակ Մուրատեան, Ռամելա Ագեան, Ալիս Ժիրաքօ, Սոնա Բալուլեան, Ռեբեքա Վարդիվառեան, Մելինէ Աթմաճեան, Սիրուն Կիւրեղեան եւ Բրաբիոն Բարունակեան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )