Ճատրակ. Անանտ – Քարլսըն Երկրորդ Մրցումը Եւս Հաւասարութեամբ Աւարտեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին, Չինաստանի Շեննայ քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մղուող պայքարը՝ այժմու ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի (Հնդկաստան) եւ ներկայիս աշխարհի մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունեցող Մակնիւս Քարլսընի միջեւ (Նորվեկիա)։
Առաջին մրցումին նման երկրորդը եւս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ՝ 25-րդ շարժումին։
Անոնց միջեւ պայքարը պիտի տեւէ մինչեւ 26 նոյեմբեր։
CATEGORIES Մարզական