Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Պարտուեցաւ. Ալաշկերտի Երկրորդ Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումները։
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն՝ Շիրակէն, 3-0 արդիւնքով։
Վերջինս բարձրացաւ 2-րդ դիրք՝ օգտուելով Ուլիսէն Փիւնիկի կրած պարտութենէն՝ 1-0 արդիւնքով։
Փիւնիկի կրած այս պարտութենէն ետք, ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան պաշտօնազրկուեցաւ՝ խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով։
Նազարեան նախորդ ամիս հեռացուած էր նաեւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի, գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն։
Ինչ կը վերաբերի վերջին դիրքը գրաւող Ալաշկերտին, անիկա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գանձասարը։
Վերջապէս, վերջին մրցումին Բանանց յաղթեց Միքայի (2-1)։
Ստորեւ՝ դասաւորումը.


