Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պայէրն Միւնիխ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց «Պունտըսլիկա»-ին Մէջ. Ռոնալտօ՝ «Լա Լիկա»-Ի Պատմութեան 15-րդ Լաւագոյն Կոլսքորըրը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ Պայէրն Միւնիխ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ 12-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Օկզպուրկի։
Անիկա այսպիսով նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ ախոյեանութեան իր կատարած մրցումներուն գծով իր արձանագրած յաղթանակներուն շարքը հասցուց 37-ի։
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Համպուրկի, որ 1982-1983 տարեշրջանին 36 մրցում (յաջորդական) մնացած էր անպարտելի։Preview Changes
Սակայն Պորուսիա Տորթմունտ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը Վոլֆսպուրկէն՝ 1-0 արդիւնքով։
Սպանիոյ մէջ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (5-1) հեթրիք մը իրագործեց (12-րդ, 26-րդ՝ փենալթիով եւ 76-րդ), «Լա լիկա»-ի պատմութեան մէջ դարձաւ 15-րդ լաւագոյն կոլսքորըրը։ Այսպիսով, 28 տարեկան ֆութպոլիստը 162-ի բարձրացուց իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը։
Ինչ կը վերաբերի Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, որ իրարու դէմ հանեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ Արսենալը, անիկա աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով՝ 1-0 արդիւնքով, Ռոպին Վան Փերսի նշանակեց Եունայթըտի եւ մրցումին միակ կոլը (27-րդ)։
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.