Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Համագումարին. Ներքին Կանոնագիրի Փոփոխութիւն Որոշուեցաւ Կատարել

PROFOTO

 

 

 

 

 

 

 

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Սանթրալի վարժարանին մէջ (Ժունիէ) գումարեց իր համագումարը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ ներքին կանոնագիրի փոփոխութիւններ կատարել։

Այս համագումարին ներկայ եղան 77 ակումբներու ներկայացուցիչներ՝ հետեւեալ ձեւով. Ա. դասակարգ՝ 9, Բ. դասակարգ՝ 13, Գ. դասակարգ՝ 22 եւ Դ. դասակարգ՝ 33։ Համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ։

Այս համագումարին ընթացքին քննարկուած այն կէտերը, որոնց շուրջ բոլորը միաձայնութեամբ համաձայն գտնուեցան, պաշտօնապէս պիտի շարունակուին Ա. դասակարգի ակումբներուն, որպէսզի անոնք փոփոխութիւններու այդ փաստաթուղթը ստորագրելով զայն ուղարկեն ՖԻՊԱ-ին, որպէսզի Լիբանանի դէմ սահմանուած կախակայումը բեկանուի։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )