Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղաքն Ու Աղջիկները Արձանագրեցին Երկուքական Յաղթանակ
Վարշաւայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ կատարուեցան 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի հանդիպումները։
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով արձանագրեցին երկուքական յաղթանակ։
Տղաքը յաջորդաբար յաղթեցին Մոնթենեկրոյի (2,5-1,5) եւ Աւստրիոյ (2,5-1,5), իսկ աղջիկները Պելճիքայի (3,5-0,5) եւ Լեհաստան Գ.-ի (4-0)։
Ուքրանիա եւ Թուրքիա (տղաք), որոնք արձանագրած էին երկուքական յաղթանակ, երէկ պարտուեցան։ Չեխիա եւ Ֆրանսա ցարդ միակն են, որոնք արձանագրուած են երեքական յաղթանակ։
CATEGORIES Մարզական