«Վազենք Լիբանանի Համար» Մարաթոնը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ
Աւելի քան 36 հազար վազողներու մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ Պէյրութի 2013-ի միջազգային մարաթոնը, որ կը կրէր «Վազենք Լիբանանի համար» խորագիրը։
Անոր մասնակցեցան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին՝ Լիբանանի առաջին տիկինը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, կրթութեան նախարարներու պաշտօնակատարները, դեսպաններ, երեսփոխաններ եւ բազմաթիւ այլ անձեր։
Գլխաւոր Մարաթոնին (42,192 քմ) տիրապետեցին եթովպիացիները։
Երէկ՝ կիրակի, 10 նոյեմբերին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հիւրընկալեց Լիբանանի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որն է Պէյրութի 2013-ի միջազգային մարաթոնը, որ կը կրէր «Վազենք Լիբանանի համար» խորագիրը։
Առաւօտեան ժամը 6։30-ին սկսած այս մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 36 հազար վազողներ, որոնք կը ներկայացնէին 104 երկիրներ եւ որոնք մասնակցեցան եօթը տարբեր դասակարգերու վազքի մրցումներուն։
Անոր մասնակցեցան Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք, բազմաթիւ երեսփոխաններ, դեսպաններ, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, մեծ թիւով երկսեռ վազողներ, որոնց առաջնորդն էր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոններու եւ ակումբներու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ։
Գլխաւոր մարաթոնին (42,192 քմ) իրենց մասնակցութիւնը բերին 700 երկսեռ վազողներ։ Իսկ 10 քմ վազքի մրցումին, որ աւելի ուրախութեան եւ նպատակի մը համար մասնակցութիւն է, անոր մասնակցեցան 25 հազար վազողներ։
Քենիացի Ուիլիըմ Քիփսանկ տիրացաւ գլխաւոր մարաթոնի տիտղոսին՝ արձանագրելով 2 ժամ 13՚ 35″ արդիւնք մը։ Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր ազգակից Պենճամին Սիրիմ (2 ժամ 13՚ 47″), իսկ երրորդ դիրքը՝ եթովպիացի Ճիմիշօ (2 ժամ 14՚ 18″)։
Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային առաջին Մարաթոնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2003-ին։
Առաջին տարին թէեւ անոր մասնակցեցան 6000 վազողներ, սակայն հետզհետէ անոր մասնակցողներուն թիւը սկսաւ աւելնալ եւ այս տարի անիկա հասաւ աւելի քան 36 հազար վազողի։





