ԵՐԹԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑ ՍԱՐԳԻՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Նախանցեալ օր, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշներու օրուան առիթով, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան տարբեր տեսակի ձեռնարկներ:
Տօնակատարութեան գլխաւոր եւ կարեւոր բաժինն էր քայլերթը, որ սկսաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն:
Այդ քայլերթին բազմաթիւ մասնակցողներուն կարգին էին հայրենի ճանչցուած եւ անուանի մարզիկներ, որոնց կարգին` Սարգիս Յովսէփեան, Լեւոն Արոնեան եւ Նազիկ Աւտալեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 120 միջազգային մրցումներու իր մասնակցութիւնը բերած Սարգիս Յովսէփեան, եռագոյնով կ՛առաջնորդէր այդ երթը:
Հայաստանի դրօշակին եւ զինանշանին օրէնքները ընդունուեցան 15 յունիս 2006-ին, իսկ Պետական դրօշակի օրը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նշուեցաւ 15 յունիս 2010-ին:
CATEGORIES Մարզական


