ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՕՄԱՆԻ` 2-1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Տէյվիս-Քափ»ի Գ. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Օմանը:
Նշենք, որ այս խմբակին մրցումները տեղի կ՛ունենան Քոլոմպոյի մէջ (Սրի Լանքա):
Լիբանանի մարզիչ Հիւսէյն Պատրէտտին, մրցումէն ետք ըսաւ, որ մարզիկներուն տրամադրութիւնները բարձր են եւ անոնք իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն զտումի բոլոր մրցումներուն ալ լաւ արդիւնք արձանագրելու:
Նշենք, որ Լիբանանի խմբակին մէջ են նաեւ Մալեզիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
CATEGORIES Մարզական