ԹԵՆԻՍ. ԱՆԻ ԱՄԻՐԱՂԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԵՐԵՔ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Խարքովի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցած թենիսի աղջկանց միջազգային մրցաշարքին մասնակցողներուն շարքին էր նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Ամիրաղեան:
Զտումի մրցումներուն, 17 տարեկան հայ թենիսվումընը յաջորդաբար յաղթեց Անասթասիա Քրիլովայի (Ուքրանիա, 6-4 եւ 6-3) եւ Էվա Փուշքարայեւայի (Ռուսիա, 1-6, 6-1 եւ 6-2):
Ա. հանգրուանի մրցումներուն ան թէեւ յաղթեց Եուլիա Լիսայի (Ուքրանիա, 6-3 եւ 6-3), սակայն Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտուելէ ետք Եուլիա Փուչինայէն (Ռուսիա, 6-3, 4-6 եւ 3-6), դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Բնականաբար իր ունեցած այս ելոյթներէն ետք ան պիտի բարելաւէ իր դիրքը դասաւորման մէջ եւ ինքզինք գտնէ 750-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ վերջին շրջանին ան աւելի սկսած է միջազգային մրցաշարքերու մասնակցիլ:
CATEGORIES Մարզական