ԿԱՐԷՆ ԱՍՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ 4-ՐԴ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔ. 28 ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ
Երէկ, Ջերմուկի մէջ սկսաւ Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 4-րդ յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն 71 ճատրակ խաղացողներ:
Առաջին օրը 28 մեծ եւ միջազգային վարպետներ արձանագրեցին մրցաշարքի իրենց առաջին յաղթանակը, մինչ ուրիշներ բաւականացան հաւասարութեամբ, իսկ ոմանք ալ կրեցին պարտութիւններ:
Նշենք, որ մրցաշարքին ամէնէն բարձր դասուած մարզիկը` Արման Փաշիքեան (2643), յաղթեց Արթուր Գարակէօզեանի (2270), իսկ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մաքսիմ Թուրով (Ռուսիա, 2634) հաւասարութիւն մը արձանագրեց Դաւիթ Գարաթորոսեանի հետ (2269):
Սամուէլ Տէր Սահակեան (2592) հաւասարութիւն արձանագրեց Նիքիթա Մաթինեանի հետ (Ռուսիա, 2383):
Այսօր` մրցաշարքին 2-րդ օրը, Փաշիքեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նինօ Պաթսիաշվիլի (Վրաստան, 2399), որ յաղթեց Ռոպերթ Յակոբեանի (2096):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Տիգրան Քոթանճեան (2517), որ պարտութեան մատնեց Հայկ Թամազեանը (2190):

