ԺԱՄՀՈՒՐ-ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ԿՆՔՈՒՄ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ իր եւ Ժամհուր ակումբին միջեւ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի կնքում, ըստ որուն վերոնշեալ վարժարանը Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութեան ֆետերասիոնին տրամադրութեան տակ կը դնէ վարժարանը, պայմանաւ որ մրցաշարքին ընթացքին վարժարանին մէջ օրէնքը չխախտի եւ ապահովութիւնը ըլլայ երաշխաւորուած:
Այդ համաձայնագիրը կնքեցին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ Ժամհուրի տնօրէն Անիս Պարաքեթ:
Պարաքեթ ըսաւ, որ ակումբին սրահները, դաշտերը, գրասենեակները, հիւրանոցները, մամլոյ ասուլիս կայացնելու վայրը, ինչպէս նաեւ կառատունը (որ կրնայ ընդունիլ հազար ինքնաշարժ) դրուած են ֆետերասիոնին տրամադրութեան տակ, որպէսզի անիկա լաւապէս հիւրընկալէ այս մրցաշարքը:
CATEGORIES Մարզական