«ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ ՊԷՏՔ Է ՏՐՈՒԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը եւ նոյն բաժանմունքի յանձնախումբը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յակոբ Հանտեան, Աստղիկ Գանտահարեան, Իրմա Պալեան, Սարին Գարաճրճեան, Գրիգոր Ալոզեան:

Լսելէ ետք վարիչ հայր սուրբին եւ յանձնախումբի անդամներուն ծրագիրներուն մասին` վեհափառը գնահատեց անոնց նուիրումը եւ աշխատանքը` զանազան ազդու միջոցներով ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն համապատասխան մօտեցումներով հայ երիտասարդութիւնը ներառելու մեր կեանքին մէջ:

Վեհափառը յիշեցուց, որ «հեռու պէտք է մնալ ցուցական, քարոզչական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններէ ու անհրաժեշտ է խորքին  եւ ո՛չ ձեւին, միջուկին եւ ո՛չ կեղեւին կարեւորութիւն տալ: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ նորահաս սերունդը մասնակից դառնայ մեր ազգային կեանքին եւ յատկապէս մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան»: Վեհափառը յիշեցուց նաեւ, որ «հայ եկեղեցին սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ, ան ազգային առաքելութիւն ունի միաժամանակ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է դիտել նաեւ մեր երիտասարդութեան դերը եկեղեցիին մէջ»:

Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ, որ ամրան ընթացքին յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող երիտասարդներուն հետ, որպէսզի լսելէ ետք զանոնք ճշդէ, թէ ի՛նչ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ թեմերուն մէջ երիտասարդութիւնը դէպի եկեղեցին ու մեր հաւաքական կեանքը առաջնորդելու ձգտող աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES