ԳՈՀԱՐ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Սեւակ Սերոբեան

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեց ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան եւ տեսակցեցաւ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան հետ: «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Սեւակ Սերոբեանին` Երեւանի մէջ 28 մայիսին արձանագրուած աննախընթաց եւ բարձրորակ  համերգին համար: Անդրադարձաւ մասնաւորապէս առաջին անգամ գործադրուած ու projected 3D mapping-ին վրայ եւ աննախընթաց դիտողներու թիւին, որ ըստ պատկերասփիւռի կայաններու  եւ համացանցի աղբիւրներու անցած է աւելի քան 2 միլիոնը` Հայաստան եւ սփիւռք:

Յիշենք, որ Խաչատուրեան ընտանիքին եւ մասնաւորաբար Յարութ Խաչատուրեանին ամբողջական նիւթա-բարոյական նեցուկը  վայելող ԳՈՀԱՐ-ի Երեւանի համերգը կազմակերպած էր Կիպրոսի մէջ գործող «ՀԱՅԱՍԱ ՓՐՈՏԱՔՇԸՆ»ը: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ` յաջորդիւ:

 

Share this Article
CATEGORIES