«ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՔԵՍԱՊԻ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՂ ԳԷՈՐԳ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆԻ «ՄԱՔԱՐՈՆԻ ԹԻԼԷԿ-ԹԻԼԷԿ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Քեսապի եւ Այնճարի մէջ ապրած անձեր, այդ օրերէն եկող, մեզի փոխանցուող եւ դէպի անցեալ գացող դէպքեր ու իրադարձութիւններ իրենց լռելեայն ներկայութեամբ այդ շրջաններուն հողին, ջուրին, բնութեան եւ ապրուած լաւ ու վատ կեանքերու հոտն ու համը կը փոխանցէին երէկ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ներկայ եղողներուն:
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» գիրքի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ մեծաթիւ ընթերցասէր հասարակութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարինա Համամճեան, որ նշեց, թէ վերջին տասնամեակին Գէորգ Աբէլեանի անունը աւելի քան երբեք տիրական ներկայութիւն դարձաւ արդի գրականութեան անդաստանին մէջ` իր տարբեր բնոյթի գիրքերով:
Ան ըսաւ, որ «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» գիրքի 24 պատմուածքներուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու անոնց հերոսները կը ներկայացուին երգիծախառն ոճով, Քեսապի եւ Այնճարի իրականութենէն` ընթերցողներուն հետ բաժնելով այդ օրերու մտայնութիւնը, պայմանները եւ ապրուած կեանքը: Մարինա Համամճեան նաեւ ներկայացուց Աբէլեանի հակիրճ կենսագրութիւնն ու իրագործումները` հաստատելով, որ անոր գրական գործունէութիւնը տակաւին բաւական բեղուն ըլլալու յոյսեր կը ներշնչէ:
Ապա Քեսապի իրականութենէն քաղուած «Թիլէկ-թիլէկ» պատմուածքէն հատուածներ ընթերցեց Մարալ Ղարիպեան-Քալեմքերեան, որմէ ետք «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» գիրքը ներկայացուց Խաչիկ Տէտէեան:
Գիրքի պատմուածքներէն եւ հերոսներէն իւրայատուկ եւ պատմուածքին շունչն ու էութիւնը մարմնաւորող մէջբերումներ կատարելէ եւ բովանդակութիւնը ներկայացնելէ ետք` Տէտէեան յայտնեց, որ գիրքը հետաքրքրական ու մատչելի է, մանաւանդ որ հեղինակին ոճը պարզ է, ինքնատիպ, անսեթեւեթ, իրապաշտ եւ հաղորդական, առանց խրթնաբանութեան, անմիջական` իր հերոսներուն նման: Ան աւելցուց, որ գիրքին մէջ պահպանուած է հարազատութիւն մը, որուն շնորհիւ աւելի եւս արժէք ու կշիռ ստացած է անիկա:
Խաչիկ Տէտէեան ըսաւ, որ Աբէլեան իր այս գործով կը ներկայացնէ մեր գիւղական համայնապատկերը` ամենայն անկեղծութեամբ եւ հարազատ ոճով: Ան նաեւ նշեց, որ Աբէլեան հարազատ լեզուամտածողութիւնը կը փոխանցէ իր ժամանակաշրջանի մարդոց կեանքին ու այդ իմաստով գիրքը կարեւոր աղբիւր է եւ շնորհաւորելի աշխատանք: Խաչիկ Տէտէեան յայտնեց, որ հեղինակին անբաժան երազներն ու իր հարազատ ներաշխարհն է, որոնք կը մաքառին հերոսներուն հետ` նոյն հաւաքական տեսլականին եւ նպատակին համար: Ան հաստատեց, որ նման գիրք մը հայկական երկու տարբեր հաւաքականութիւններ պարփակող շրջաններու ուրոյն դիմագիծը կը ներկայացնէ եւ նոյն ատեն կ՛անմահացնէ զանոնք:
Տէտէեան ըսաւ, որ շուրջ 400 էջերէ կազմուած այս հատորի աւարտին ներկայացուած է նաեւ կոկիկ բառարան մը` իր օգտագործած օտար բառերուն եւ բարբառներուն բացատրականով, ինչ որ ինքնին օգտակար է ընթերցողին համար: Ան աւելցուց, որ խիստ գնահատելի է հատորի գեղարուեստական ճաշակը եւ տպագրական անթերիութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինով Գէորգ Պէպէճեան մեներգեց «Էշխէմէն էնպէս վարուիլ իմ» եւ «Յիսուն տարիս» երգերը, որոնցմէ ետք Այնճարի իրականութենէն քաղուած «Երբ պիտի հայհոյեմ հապա…» պատմուածքէն հատուածներ ընթերցեց Րաֆֆի Տեմիրճեան:
Իր կարգին խօսք առաւ գիրքի մեկենասներէն Հրաչ Մանճիկեան, որ նշեց, թէ մեծ գործը մեկենասութիւն կատարելը չէ, այլ` այս գիրքը գրելը, գիրք մը, որուն պատրաստութեան համար Գէորգ Աբէլեան բազմաթիւ գիշերներ տրամադրած է:
Շնորհահանդէսի աւարտին Աբէլեան եւ գիրքի հերոսներէն Սարգիս Այնթապլեան (Թուճար) կատարեցին գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք Աբէլեան ըսաւ, որ գիրքի կողքի գծագրութիւնը եւ նկարազարդումը իրականացուց Պետիկ Տուտագլեան:
Այս առիթով Սարգիս Այնթապլեան, որ հերոսներէն մէկն է գիրքին «Երգարան մը բան երգեցինք» պատմուածքին, երկու երգեր մեկնաբանեց ուրոյն եւ հարազատ ոճով` պատմուածքը կենդանացնելով ներկաներուն:
Գէորգ Ճ. Աբէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Սեպուհ Մանճիկեանին եւ տէր եւ տիկին Հրաչ Մանճիկեանին, գիրքի խմբագիր Նորա Բարսեղեանին, գիրքի նկարազարդումը կատարած Պետիկ Տուտագլեանին: Գէորգ Ճ. Աբէլեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ին, «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ բոլոր անոնց, որոնք գիրքին եւ շնորհահանդէսին պատրաստութեան մէջ ունեցած են իրենց ներդրումը:
Ձեռնարկի պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց գիրքի մակագրումը եւ հիւրասիրութիւնը: