ԼՕԽ¬Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐՁՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱՅԼ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, ՆԱԵՒ ՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այն կազմակերպութիւնն է, որ չի գիտեր գոհանալ, չի գիտեր բաւարարուած զգալ եւ կանգ առնել բարգաւաճելէ ու ուռճանալէ, այդ պատճառով ալ հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր ծառայութեան ուղին` հաւատալով, որ ոչ մէկ տեղ կանգ պիտի առնէ, ոչ մէկ նուաճումով պիտի շլանայ, այլ միշտ աւելին պիտի պահանջէ ինքնիրմէ, որպէսզի աւելին տայ ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին: Այս երեւոյթին փաստերէն մէկն էր երէկ ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նորանոր նուաճումներու «մկրտութիւնը», որ տեղի ունեցաւ մեծ շուքով, եւ որ եկաւ նաեւ օտարներուն հաստատելու, որ լիբանանահայ այս կառոյցը պիտի շարունակէ յառաջանալ ու բարգաւաճիլ:
Նախագահութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նոր նշանակուած նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Պարթլեմի, հովանաւորութեամբ Լիբանանի օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունիս 2011¬ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ մարձումի նորաբաց, բժշկական վերանորոգուած բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ հիւանդատար կառքի եւ տարրալուծարանի մասնագիտական եւ արդիական գործիքի:
Կեդրոնին մուտքին տեղադրուած, Արաքսի Թերճանեանի կողմէ տրամադրուած ինքնաշարժին եւ տէր եւ տիկին Ճորճ Փուջիկեաններու նուիրած հիւանդատար ինքնաշարժի բացումէն ետք, գետնայարկը տեղի ունեցաւ «Տիգրան եւ Արտեմ Թերճանեաններ»ու անունը կրող մարձումի նոր բաժանմունքին բացումը` անոր կահաւորումն ու սարքաւորումը լրիւ ստանձնած Արաքսի Թերճանեանի կողմէ: Ապա հիւրերը բարձրացան երկրորդ յարկ, ուր տեղի ունեցաւ ԼՕԽ¬ի «Գայեանէ» մասնաճիւղին նիւթական օժանդակութեամբ բժշկական վերանորոգուած եւ վերաորակաւորուած բաժանմունքի բացումը. երրորդ յարկին վրայ Աւստրալիոյ դեսպանին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ տարրալուծարանին համար գեղձերու քննութեան յատուկ գերարդիական գործիքի մը:
Ապա չորրորդ յարկին վրայ` «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն բացման խօսքը արտասանեց, ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ պաշտօնական հիւրերն ու Աւստրալիոյ դեսպանը ողջունեց ԼՕԽ¬ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ԼՕԽ¬ի ստեղծումին, անոր հետապնդած նպատակին` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն ձեռք երկարել ամէն ձեւով, հասնիլ կարիքաւորին, որբերուն, ծերերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք միութեան օժանդակութեան պէտք ունին: Թ. Գլպաշեան հաստատեց, որ ներկայիս ԼՕԽ¬ը իր հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորներով եւ կառոյցներով կը գործէ մարդոց ֆիզիքական, մտային, հոգեկան կարիքները հոգալու, անոնց համար ապրուստի աւելի լաւ ու առողջ պայմաններու ստեղծման ի խնդիր: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, Աւստրալիոյ դեսպանատան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերին ԼՕԽ¬ի այդ ծրագիրներու իրականացման համար: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր այն անձերուն, որոնք ԼՕԽ¬ի գործունէութեան եւ առաքելութեան հաւատալով` մնայուն կերպով թիկունք կը կանգնին անոր:
Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան, որ անդրադարձաւ առողջապահութեան նախարարութեան հետ կեդրոնին ունեցած համագործակցական ծրագիրներուն, 2005¬ին Լիբանանի 5 լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններու կարգին ըլլալու իրողութեան` յոյս յայտնելով, որ վերջերս իրականացուող վարկաւորման աշխատանքը եւս յաջողութեամբ հասնի իր լրումին: Ան դիտել տուաւ, որ կեդրոնը տարբեր ձեւի աշխատանքներով, նախաձեռնութիւններով եւ ծրագիրներով կը միտի ֆիզիքապէս, մտքով եւ հոգիով առողջ մարդու ստեղծման սատարել: Ս. Սաղրեան հաստատեց, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը այն կառոյցն է, որ կը հաւատայ, թէ այնքան ատեն որ կը գոյատեւէ նման կեդրոն մը, ուրեմն անիկա շարունակ պէտք է բարգաւաճի, զարգանայ, արդիականութեան հետ քայլ պահէ, որպէսզի իր առաքելութեան մէջ կարենայ ամբողջական եւ համապարփակ ըլլալ: Ան յիշեց իրականացած ծրագիրներուն ետին կանգնող բարերարները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց:
Ապա խօսք առաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի ներկայացուցիչ Ասաատ Խուրի, որ բարձր գնահատեց ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը եւ անոր ծաւալած մարդասիրական ու մնայուն կերպով բարգաւաճման մէջ եղող աշխատանքները: Ան հաստատեց, որ այս կառոյցը ո՛չ միայն իր շրջապատին սատարեց, այլեւ` համայն Լիբանանին, որուն նկատմամբ միշտ եղաւ անսակարկ եւ իր ծառայութեան մէջ ոչ մէկ խտրականութիւն դրաւ: Նախարարի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ այս կեդրոնին հետ համագործակցիլը մնայուն կերպով յուսադրիչ եղած է եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ իրենց:
Աւարտին խօսք առաւ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Պարթլեմ, որ ուրախութիւն յայտնեց ԼՕԽ¬ի նման կառոյցի մը հետ ծրագիրներ իրականացնելուն համար` շեշտելով, որ շնորհաւորելի աշխատանքի մը առկայութիւնը զգալի ու փաստացի է կեդրոնին մէջ: Ան նշեց, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը իր ազդու եւ ուրոյն դերակատարութիւնը ունի եւ արժանի է որեւէ կազմակերպութեան նեցուկին, որովհետեւ նման կառոյցներ կը գոյատեւեն օժանդակող ցանցերու քաջալերանքին ու զօրակցութեան շնորհիւ: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ առողջութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի մարդու կեանքի բնական շարունակութեան մէջ` հաստատելով, որ այս իմաստով այսօր տարուած աշխատանքին արդիւնքը անպայման ապագային ի յայտ պիտի գայ: Ան շեշտեց, որ ԼՕԽ¬ի հետ գործակցիլը հպարտութիւն է դեսպանատան համար:
Այս առիթով յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Պարթլեմի, Արաքսի Թերճանեանի, ԼՕԽ¬ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Մանուէլեանի եւ տէր եւ տիկին Ճորճ Փուջիկեանի: