Իրանի Եւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Միջեւ Համաձայնութիւն՝ Ճամբու Քարտէսի Մը Շուրջ

Սալեհի եւ Ամանօ

Իրանի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Թեհրանն ու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը ձեռք բերած են համաձայնութիւն ճամբու քարտէսի մը շուրջ, որուն նպատակը Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ վիճայարոյց հարցումներուն պատասխանելն է։

Ան գործակալութեան ընդհանուր քարտուղար Եոքիա Ամանոյի հետ Թեհրանի մէջ գումարուած ժողովէն ետք յայտնեց, որ Իրան համաձայն գտնուած է, որ գործակալութիւնը խուզարկէ «Արաք» կեդրոնը, որ ծանր ջուրով բանող հնոց մը եւ ծանր ջուր արտադրելու գործարան մը կը պարունակէ։

Ամանօ իր կարգին յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յառաջիկայ երեք ամսուան ընթացքին Իրանի հետ ճամբու քարտէսի գործադրման կը սպասէ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ վեցեակի կատարած բանակցութեանց ընթացքին համաձայնութիւն գոյանայ, հակառակ անոր որ Թեհրան տակաւին պէտք է կարգ մը հարցերու վերաբերեալ ջանք թափէ։

Ֆապիւս «Իւրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «իրանցիներուն հետ համաձայնութեան հասնելէն հեռու չենք, սակայն տակաւին այդտեղ չենք հասած»։

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ընդգծած է, որ իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Իրանի կողմէ հիւլէական զէնքի ստեղծումը կանխարգիլէ։

Սպիտակ տունը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ղեկավարներ զրոյցի ընթացքին քննարկած են Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ու հիւլէական հարցի խաղաղ լուծումը։

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է անմիջապէս այն բանէն ետք, երբ Նեթանիահու քննադատած է Ժընեւի մէջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքը։

Ըստ Իսրայէլի կառավարութեան, Վեցեակը իր նպատակներուն հասնելու համար ոչ մէկ պարագայի պէտք է մեղմացնէ Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իր պաշտօնակիցին՝ Ապտալլա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները տեղեակ պահած է Ժընեւի մէջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ կատարուած բանակցութեանց ընթացքէն՝ աւելցնելով, որ նշեալ բանակցութեան մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը դէպի համաձայնութիւն շտապել չի նշանակեր։

«Իրան պէտք է իր հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթ ունենալը փաստէ, եւ անոր հիւլէական զէնք ունենալ պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան՝ նշելով, որ «դիւանագիտութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին առաջին ընտրանքը կը մնայ»։

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Ուաշինկթըն շրջանին մէջ իր դաշնակիցներուն նկատմամբ յանձնառու կը մնայ»՝ աւելցնելով, որ «Իրանի հետ բանակցութեանց ընթացքին Ուաշինկթըն պիտի պաշտպանէ իր դաշնակիցները եւ իր արաբ դաշնակիցներուն հետ ուժեղ յարաբերութիւնները պիտի չտկարացնէ»։

Քերրի ըսաւ, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ բանակցութիւնները աւարտելու «մրցումի մը մէջ չէ»։

Քերրի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը նախատեսեց։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )