Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը սովորական է՝ աւելցնելով, որ ինք չի նախատեսեր, որ այդ այցելութիւնը դրական արդիւնքներով պսակուի։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի։ Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմին խնդրանք յայտնուեցաւ ստանձնելու իսլամ արգելափակեալներուն թղթածրարը։ Ապպաս Իպրահիմ խոստացաւ ընդառաջել, եթէ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրեն յանձնէ այդ աշխատանքին պատասխանատուութիւնը։
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը լուրջ է Թրիփոլիի մէջ գործուած պայթումները կատարած ահաբեկիչները ձերբակալելու առնչութեամբ։
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց գրաւ չդնելու արտաքին փոփոխութիւններուն վրայ՝ աւելցնելով, որ այդ գրաւը ապարդիւն է։
ԼՐԱԳՐՈՂ, քաղաքական վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ քրիստոնեաները պէտք է իմանան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իրենց դիմագրաւած վտանգներուն տարողութիւնը։
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները մինչեւ օրս կիսով քանդած են լիբանանեան պետութիւնը՝ աւելցնելով, որ այս ընթացքը շարունակուելու պարագային ամբողջ պետութիւնը պիտի քանդուի։
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն, կը գրէ, թէ հետաքննութիւնները փաստած են, որ Մաամուրայի մէջ գտնուած ականուած ինքնաշարժը պատրաստուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ՝ Քալամունի մէջ։
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը զոհ գացած է արտաքին միջամտութիւններու։
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին շնորհիւ հիմնուած այսպէս կոչուած լիբանանեան պետութիւնը ամբողջովին քանդուած է արդէն։
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իսրայէլեան լրտեսումը նորութիւն մը չէ՝ աւելցնելով, որ անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի։
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ կ՛ենթարկուի Սէուտական Արաբիոյ որոշումին՝ աւելցնելով, որ անոր ներկայացուցած պատճառաբանութիւնները անիմաստ են։
ՇԷՅԽ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ հնչող սադրանքներու լեզուն մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ լիբանանեան համակեցութեան, երկրին կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կը ծառայէ միայն թշնամի Իսրայէլի շահերուն։
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը՝ նախագահութեամբ Թրէյսի Շամունի։ Նիստէն ետք Շամուն յայտնեց, որ Թրիփոլին փրկելու առումով լիբանանցի պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւնները աղէտալի հետեւանքներու պիտի յանգին։
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը կրնայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունենալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ։
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց միասնականացնելու լիբանանեան ազգային կեցուածքները։
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ ազգային սկզբունքներէն Դիմադրութիւնը ջնջել փափաքող կողմերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ջնջելու նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրը։