Ժոմպլաթ. «Սուրիական Վարչակարգին Նպատակն Է Սադրանքները Սուրիայէն Լիբանան Փոխադրել»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթի իր սիւնակին մէջ նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է՝ աւելցնելով, որ Արաբական երկիրներուն մէջ տիրող համայնքային եւ յարանուանական հարցերն ու տարակարծութիւնները կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն։
Անդրադառնալով Թրիփոլիի միջադէպերուն՝ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ իր կեցուածքը, թէ այդ միջադէպերուն առումով ինք չէզոք պիտի մնայ։
«Կը հաւատանք, որ դատական իշխանութիւնները բնական ընթացքով պէտք է վերջ տան այդ սադրանքներուն՝ յօգուտ Թրիփոլիի բնակչութեան։ Ոճրագործը ոճրագործ է, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր ինքնութիւնը, եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է պաշտպանել զայն։ Հետեւաբար կը մաղթենք, որ դատական իշխանութիւնները այս իմաստով իրենց տեսակէտը պարզեն՝ Թրիփոլիի մէջ սադրանքի մը հաւանականութիւնը կանխարգիլելու համար», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու եւ սուրիական տագնապին միջամուխ չդառնալու։ Ան շեշտեց, որ իրենք մօտէն կամ հեռուէն կապ չունին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ, նոյնիսկ Ժապալ Շէյխի շրջաններուն մէջ։
Ան կոչ ուղղեց արաբ տիւրզի լիբանանցիներուն Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու, որովհետեւ սուրիական վարչակարգին նպատակն է սադրանքները Սուրիայէն Լիբանան փոխադրել։


