Միքաթի Ընդունեց Ամին Մաալուֆը

Մաալուֆ եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանցի վաստակաւոր գրագէտ Ամին Մաալուֆը, որուն յայտնեց, թէ ան ոչ միայն լիբանանեան մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ, այլեւ՝ արաբական աշխարհին հպարտանքն է։

Միքաթի շեշտեց, որ Ամին Մաալուֆ դարձած է գիտութեան, մշակոյթի, անկեղծութեան, պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան խորհրդանիշ մը։

«Լիբանան միշտ պիտի հպարտանայ քեզմով, որովհետեւ դուն երբեք մեծամիտ չեղար։ Այս պատճառով վայելեցիր բոլորին զօրակցութիւնը եւ այս էր յաջողութեանդ գաղտնիքը», ըսաւ Միքաթի՝ խօսքը ուղղելով Մաալուֆին։

Հանդիպումէն ետք սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ Մաալուֆի։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )