Տոքթ. Մարալ Կիտանեան Ուղղուեցաւ Յորդանան
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ.
Մարալ Կիտանեան երէկ ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր պիտի մասնակցի Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկի վարչական խորհուրդի 38-րդ ժողովին։
Ամմանի մէջ տեղի ունենալիք ժողովը պիտի սկսի այսօր՝ 12 նոյեմբեր 2013-ին եւ պիտի շարունակուի նաեւ վաղը՝ 13 նոյեմբեր։
Նշենք, որ տոքթ. Մարալ Կիտանեան Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկի վարչական խորհուրդի անդամներէն է։
CATEGORIES Լիբանանեան

