Օժանդակութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահը Հասաւ Դատարան

Իպրահիմ Պաշիր

Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիր երէկ փոխանցուեցաւ քրէական դատախազութիւն, ուր ենթարկուեցաւ հարցաքննութեան։

Նշենք, որ նախքան քրէական դատախազութիւն փոխանցուիլը, Պաշիր հարցաքննուեցաւ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ։

Հարցաքննութեան զուգահեռ, դատական ոստիկանութիւնը ներխուժեց Սելիմ Սլամ շրջանին մէջ գտնուող անոր բնակարանը։

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ Պաշիր ամբաստանուած է Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի սնտուկէն տասը միլիոն տոլար գողցած ըլլալու եւ այդ գումարը Պիելոռուսիոյ մէջ գտնուող իր զաւկին անունով հաշիւին փոխանցելու յանցանքով։

Քրէական դատախազութեան որոշումով Իպրահիմ Պաշիր եւ անոր կինը արգելափակուած պահուեցան՝ թղթածրարին բարդութեան պատճառով։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )