«Իսրայէլեան Լրտեսումը Լիբանանի Դէմ Գործուած Բռնարարք Մըն Է, Որուն Պէտք Է Բոլորս Դիմադրենք» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա
Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան լրտեսումի հարցը։
Յանձնախումբի նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Նիքոլա Սահնաուի, Ատնան Մանսուր եւ Ֆայեզ Ղոսըն։
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ քննարկումներուն մանրամասնութիւնները գաղտնի պահել։
Նիստէն ետք Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իսրայէլեան լրտեսումին մասին Ապահովութեան խորհուրդին բողոքի նամակ յղելը ամէնէն պարզ քայլն է, որ կրնայ առնուիլ։
Ան շեշտեց սակայն, որ անհրաժեշտ է այլ միջոցներու դիմել՝ նկատի ունենալով, որ այդ լրտեսումը կը կատարուի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին լոյսին տակ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ներկայութեան։
Ֆատլալլա յայտնեց, որ այս լրտեսումին վերջ տալուն պատասխանատու է նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ը՝ նկատի ունենալով, որ լրտեսումը սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է։
Ան հաստատեց, որ այն նիստերուն, որոնց ընթացքին ապահովական լուրջ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին, պէտք չէ բջիջային հեռաձայններ գտնուին՝ կանխարգիլելու համար թշնամի Իսրայէլի կողմէ նիստին քննարկումներուն լրտեսումը։
«Եթէ լիբանանեան պետութիւնը ըլլար հզօր պետութիւն մը, որ ներքին քաղաքական եւ այլ հարցեր չունենար, մեր թշնամին ոչ իսկ կը յանդգնէր դիմելու նման քայլի մը։ Այս ոտնձգութեան վերջ տալու պատասխանատուութիւնը ամբողջ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ստանձնէ», հաստատեց Ֆատլալլա։
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Իսրայէլ թշնամի երկիր է, հետեւաբար անոր գործած բռնարարքներուն դիմադրութիւնը լիբանանեան ազգային միասնական կեցուածք կը նկատուի, յատկապէս լրտեսումի առումով։
«Լրտեսումի իսրայէլեան աշտարակները ճիշդ է որ 2010-էն ի վեր սահմանին վրայ կը գտնուին, սակայն պէտք է աւելի լուրջ կերպով հետեւիլ եւ հսկել անոնց, որպէսզի Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկուին իսրայէլեան լրտեսումէն», ըսաւ Հուրի։
Իր կարգին, Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ այս իմաստով լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կատարած է եւ պիտի շարունակէ կատարել։


