«Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Պըրրի

Սուրիոյ դեսպանը եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները։

Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ զարգացումները՝ ընդգծելով, որ Պըրրի վստահ է, թէ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը մերժէ պայթումի եւ սադրանքներու դաւադրութեան մէջ իյնալ։

«Հանդիպումին ընթացքին շեշտեցինք պայթումի եւ սադրանքներու բոլոր ծրագիրներուն դէմ դնելու կարեւորութիւնը», ըսաւ Ալի։

Ալի նշեց, որ Պըրրի կը հետեւի Սուրիոյ տագնապին բոլոր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ կը նշմարէ, թէ սուրիական բանակին ժողովրդականութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ եւ բանակը կ՛արձանագրէ յաղթանակներ, որոնք գետնի վրայ կը թարգմանուին նաեւ իբրեւ քաղաքական վարչակարգի յաղթանակներ։

Միւս կողմէ, Պըրրի «Նահար»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը՝ հաստատելով, որ Լիբանանի իրավիճակը կարելի չէ այս ձեւով շարունակել։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )