Ռիատի Մէջ . Նախագահ Սլէյման Եւ Ապտալլա Թագաւոր Կ՛ընդգծեն Լիբանանի Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ՝ ներկայութեամբ լիբանանեան եւ սէուտական պատուիրակութիւններուն. հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի։
Ռիատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ լիբանանեան ազգային սկզբունքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել զինք շրջապատող տագնապներէն։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու պատմական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապահովելով երկու երկիրներուն փոխադարձ շահերը։
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Լիբանանի կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով սէուտական օժանդակութեան շարունակութիւնը։
Նախագահ Սլէյման եւ Ապտալլա թագաւորը քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ զարգացումները եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կայացնելու հեռանկարները. այս առումով հաստատուեցաւ Սուրիոյ մէջ քանդումին ու սպանութեան վերջ տալու եւ այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը։
Սուրիոյ տագնապին շրջագիծին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ
սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը եւ երկրին վրայ գաղթականներուն պարտադրած ծանր բեռը։ Ապտալլա թագաւորը յայտնեց Լիբանանին օժանդակելու Սէուտական Արաբիոյ պատրաստակամութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ քաղաքական չափաւորական կեցուածքներուն, «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը գործադրելու եւ երկկողմանի խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին հասաւ Ռիատ, ուր դիմաւորուեցաւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ գահաժառանգ իշխանին, Ռիատի կառավարիչ Խալետ պըն Պանտար պըն Ապտել Ազիզ իշխանին, Ռիատի փոխկառավարիչ Թուրքի պըն Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ իշխանին, տեղեկատուութեան նախարար Ապտել Ազիզ Խոժայի, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսայի կողմէ։
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ։
Կը նախատեսուէր, որ հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունենար նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ։