«Վերահսկիչ Պալատի Անկախութենէն Բան Չմնաց» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Վերահսկիչ Պալատի նախագահի թեկնածու Իշխան Զաքարեանի վերաբերեալ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը յայտնելու ընթացքին յայտնեց, որ իրենց տեսակէտը կապ չունի Իշխան Զաքարեանի անձին հետ։

Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ սահմանադրականութիւնը խախտուած է, իսկ անոր մշտադիտարկումը իրականացնող Վերահսկիչ պալատը պէտք է առաջադրէր հակակշիռներու լուրջ տարրեր։ Սակայն այդ յարաբերութիւնները խախտուած են, սահմանադրութեան մշտադիտարկումը խախտուած է։ «Վերահսկիչ պալատի անկախութենէն բան չմնաց։ Մեր աչքերուն առջեւ տեղի ունեցաւ այդ անկախութեան չէզոքացումը», ըսաւ Ռուստամեան։

Ան նշեց, որ նախագահին մօտ խորհրդակցութենէն ետք մեղադրողները մեղադրուողներ դարձան։ Վերահսկիչ պալատը սկսաւ պաշտպանուիլ, քանի որ իրադրութիւնը փոխուեցաւ եւ Վերահսկիչ պալատը յայտնուեցաւ լուրջ ճնշումներու տակ։ Ահա թէ ինչու, ըստ պատգամաւորին, կարելի չէ լուրջ բացայայտումներ ակնկալել Վերահսկիչ պալատէն։ Արմէն Ռուստամեան կարեւոր նկատեց ընդդիմութիւն-իշխանութիւն միասնական օղակի գործունէութիւնը, ուր ընդդիմութիւնը իր գործառոյթները պէտք է իրականացնէր։ «Վերահսկիչ պալատի նոր նախագահը պիտի չշարունակէ այն, ինչ որ սկսած էր։ Ան ենթակայ է նշանակող-ազատ կացուցողի կամքին։ Ան չի կրնար անկախ ըլլալ», ըսաւ Ռուստամեան։

Ռուստամեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ անիմաստ կը նկատէ քուէարկութեան մասնակցութիւնը, քանի որ Վերահսկիչ պալատի նախագահէն անկախութիւն չեն ակնկալեր, ինչպէս նաեւ նշեց, որ Իշխան Զաքարեանի անձը այստեղ կապ չունի, հոս խօսքը կը վերաբերի պետական հիմքերուն։

 

Share this Article
CATEGORIES