Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածուն՝ Արարատի Քաղաքապետ
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, կիրակի օր Արարատի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթած է իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Հայկ Հայկեան։
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հրապարակած տուեալներով՝ Հայկեան ստացած է 4 544 ձայն, իսկ անոր մրցակից՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան թեկնածու Սամուէլ Բարսեղեան՝ 4214 ձայն։
Քուէարկութեան մասնակցած են ընտրողներուն մօտ 67.5 առ հարիւրը՝ 13 218 ընտրողներէն 8 921-ը։ Ասիկա բաւական բարձր մասնակցութիւն է, ինչ որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը տակաւին ընտրութիւններու ընթացքին կասկածի տակ առած էր։
CATEGORIES Հայկական