«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ – Նիքս՝ 120-89

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Սան Անթոնիօ Սփըրզ արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը՝ 120-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիւ Եորք Նիքսը։ Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տենի Կրեն նշանակեց 24 կէտ։

Օքլահոմա Սիթի երկարաձգման ընթացքին մէկ կէտի տարբերութեամբ յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի՝ 106-105 արդիւնքով։

Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա) նշանակեց 33 կէտ, մինչ Ուիզըրտծի մարզիկ Պրետլի Պիլ՝ 34 կէտ։

Ֆէոնիքս Սանզ յաղթեց Նիւ Օրլինզի (101-94), մինչ վերջին մրցումին Մինեսոթա Վուլվզ՝ Լոս Անճելըս Լէյքըրզին (113-90)։

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, ցարդ անպարտելի Ինտիանա Փէյսըրզ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ անոր հակապատկերը եւ յաղթանակէ զուրկ միակ խումբը կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը։

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Շարլոթ Հոռնեթց – Աթլանթա Հոքս
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )