Մասնակցութեամբ Ա. Դասակարգի Եօթը Ակումբներու. Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին Կը Սկսի Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 23-րդ Մրցաշարքը
Հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2013-ին, կը սկսի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 23-րդ մրցաշարքը՝ մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի եօթը ակումբներու։
Անոնք են՝ Ռիատի – Պէյրութ, Մութթահետ – Թրիփոլի, Պիպլոս – Ժիպէյլ, Ամշիթ – Ժիպէյլ, Հուփս – Պէյրութ, Անդրանիկ եւ Թատամոն – Զուք։
Մրցաշարքին բացման մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը, եւ Թատամոն Զուքը, տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 14 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17։30-ին, Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ երէկ այս լուրը յղեց լիբանանեան մարզական մամուլին, աւելցուց, որ բացման հանդիսութեան պիտի մեծարուին չորս անձեր։ Անոնք են՝ Ժան Համմամ, Հիշամ Ժարուտի, Հանրի Շալհուպ (յետմահու) եւ Եուսեֆ Պըրժաուի։
CATEGORIES Մարզական

