Բազկամարտ. Վլատիմիր Մնացականեան՝ Աշխարհի Բաժակակիր
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ բազկամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Վլատիմիր Մնացականեան դարձեալ արձանագրած է փայլուն արդիւնք։
Հայկական աղբիւրը, այս լուրը քաղելով Հայաստանի բազկամարտի երիտասարդական ֆետերասիոնէն, կը յայտնէ, որ Մնացականեան այս անգամ յաջողութեան հասած է բազկամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին։
Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Մնացականեան ձախ ձեռքով զօրաւորագոյնն էր 86 քկ դասակարգին մէջ։
Անցեալին ան այսպիսի յաջողութիւններ ունեցած է 70 եւ 87 քկ դասակարգերուն մէջ։
CATEGORIES Մարզական

