«Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ»-ի Միջին Արեւելքի Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Ժատ Հիմօ Հանդիսացաւ Ախոյեան

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) գտնուող «Ուորլտ Թրէյտ Սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ»-ի Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը։

Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ժատ Հիմօ տիրացաւ տիտղոսին՝ ապահովելով 253 կէտ։ Ան կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցեց յորդանանցի Օսման Թաքրիթին։ 3-րդ դիրքը 236 կէտով գրաւեց Ալի Պլուշի (Օման)։

Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ, Տուպայի իշխան շէյխ Համտան պըն Մոհամետ պըն Ռաշիտ Մաքթումի։

Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Պահրէյնէն, Սէուտական Արաբիայէն, Քուէյթէն եւ այլ երկիրներէ բաւական փորձառու վարորդներ։

Share this Article
CATEGORIES