Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ անդրադարձած էք ձեր մէկ սխալին՝ անգիտակցութեամբ կատարուած, սրբագրեցէք զայն առանց ստորակայութեան զգացում ունենալու։ Ձեր վարկը կը բարձրանայ, իսկ դուք կ՛ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ներկայ պիտի ըլլաք ընկերային հանդիպումի մը, ուր ձեր ներկայութիւնը պիտի գնահատուի։ Հոն պիտի հանդիպիք նոր դէմքերու, որոնց հետ պիտի ունենաք մնայուն բարեկամութիւն։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքը՝ առանց երկմտելու ձեր ունենալիք յաջողութեան։ Հաւատքով սկսուած գործը անպայման կը յաջողի։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հոգ տարէք ձեր արտաքին տեսքին, մանաւանդ երբ պիտի ներկայանաք պաշտօնական վայր մը։ Մարդիկ ձեզ կը դատեն ամէն բանէ առաջ ձեր արտաքին երեւոյթէն։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նորաձեւութիւնները միշտ հետաքրքրութիւն ստեղծած են, մանաւանդ՝ կիներուն մօտ։ Հետեւեցէք օրուան նորութիւններուն, բայց՝ չափաւոր։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի գտնուիք տեղ մը, ուր պիտի տեսնէք կարգ  մը անձեր, որոնց հետ շատ սերտ յարաբերութիւն չունիք, թերեւս ալ վէճեր ունեցած էք, բայց մի՛  անտեսէք զանոնք։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տեսակէտը մի՛ արտայայտէք այնպիսի շրջանակի մը մէջ, երբ տուեալ խնդիրին շուրջ լուրջ տեղեկութիւն չունիք։ Ականջ մի՛ տաք բամբասանքներու։

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կատարած բարի գործերը պիտի գնահատուին, պիտի վարձատրուիք ըստ արժանւոյն։ Մնացէք համեստութեան ձեր խառնուածքով։ Օրը փայլուն է։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուրիշներուն օրինակին հետեւելու պատճառ մը չունիք։ Մնացէք հաւատարիմ ձեր ինքնութեան եւ ձեր սկզբունքներուն։ Յարգեցէք ձեր շուրջինները, ձեր հարազատները։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախախնամութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր մտածումներուն ոգեւորիչը։ Բնութեան փոխանցած դասը հրաշալի ցուցմունք է, հետեւեցէք անոր։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ կը կարծէք, որ բարեկամ մը վշտացած է ձեզմէ, մօտեցէք անոր՝ առանց բարդոյթի, հարցուցէք պատճառը, որ պարզապէս թիւրիմացութեան արդիւնք է։ Ձեր մօտեցումը պիտի արժեւորուի։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տեսնուած ամէն փայլուն բան մը ոսկի չէ։ Ձեր տրամաբանութեամբ կրնաք որոշել կեղծն ու անկեղծը, չարն ու բարին։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )