50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1963)
Մարզական
ՀՄԸՄ-ական Անի Ագկիւլեան Եւ Գ. Մովսէսեան
Շահեցան Սուրիոյ Թենիսի Ախոյեանութիւնը
(Սեփական Թղթակցութիւն)
Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ստուարաթիւ թենիսի սիրողներէն երկսեռ զոյգ մը, Սուրիոյ եւ ՀՄԸՄ-ի թենիսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահեցան Սուրիոյ թենիսի ախոյեանութիւնը։
ՀՄԸՄ-ական Անի Ագկիւլեան եւ Գրիգոր Մովսէսեան 30 հոկտեմբեր 1963-ին Հալէպի մէջ Հալէպի ախոյեանութիւնը շահելէ ետք, իրաւունք ստացան մասնակցելու Սուրիոյ ախոյեանական մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Դամասկոսի մէջ, 3-5 նոյեմբեր, հարիւրաւոր հանդիսականներու եւ ի մասնաւորի սուրիական մայրաքաղաքի դիւանագիտական դասին ներկայութեան։
Սուրիոյ 1963-ի այրերու ախոյեան հանդիսացաւ Ֆուատ Հապաշ (40 տարեկան, Դամասկոսէն)՝ յաղթելով 1962-ի ախոյեան հալէպահայ երեւելի մարզիկ Աբրահամ Քէշիշեանին, իսկ զոյգի մէջ ախոյեան հանդիսացան դամասկոսցիներ Ֆուատ Հապաշ եւ Մուաֆֆաք Հաֆեզ՝ յաղթելով հալէպահայեր Աբրահամ Քէշիշեան եւ Ժան Ճանճի (1961-ի Սուրիոյ ախոյեան) զոյգին։
Ինչ կը վերաբերի երկսեռ զոյգի մրցումին, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կայանար Սուրիոյ պատմութեան մէջ, Սուրիոյ ախոյեանութեան համար, վերջ գտաւ (ի զարմանս բոլորին) ՀՄԸՄ-ական Գրիգոր Մովսէսեան եւ Անի Ագկիւլեան զոյգին յաղթանակով։ Անոնք յաղթեցին Դամասկոսի ախոյեաններ Ժոզեֆ եւ Սիհեմ Շահիններուն, 2-0-ով։
ՀՄԸՄ-ական զոյգին այր մարզիկը՝ Գօգոն բոլորին ծանօթ է արդէն իբրեւ թենիսի թիւ մէկ պաշտպան ՀՄԸՄ-ի ակումբէն ներս եւ կը նկատուի Հալէպի լաւագոյն թենիսմեններէն մէկը։ Իսկ Անի Ագկիւլեան, որ ցարդ սիրող մըն էր, իր այս յաղթանակէն քաջալերուած, վստահ ենք, որ աւելի ուժ պիտի տայ եւ նուիրուի անոր։ Ան թենիսէն առաջ պասքեթպոլի սիրահար մըն է եւ իր քրոջ՝ Ալինին հետ ՀՄԸՄ-ի առաջին հնգեակին լաւագոյններէն։
Դամասկոսի «Սաուրա»-ն յաղթանակէն ետք անոր մասին արտայայտուելով՝ կ՛ըսէ, թէ՝ «թեքնիքի մակարդակը լաւ է։ Հակառակ քիչ մը տկար սերվիսներուն՝ ունի գնդակներ փոխադարձելու ինքնուրոյն ոճ մը»։
Վստահ ենք, որ ՀՄԸՄ-ական այս զոյգին անակնկալ մեծ յաղթանակը խթան պիտի ծառայէ Մերձաւոր Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու թենիսմեններուն եւ այս ազնուական մարզաձեւն ալ վերջնականապէս իր տեղը պիտի ունենայ մարզական այլ խաղերու կողքին։ Յաջողութի՛ւն։
ԶԱՒԷՆ
Հալէպ
Ցիր Ու Ցան Հայեր Թուրքիոյ Մէջ
Կէմէրէկի Մէջ 25 Հայ Ընտանիք
Եւ Եէքմէնի Մէջ
12 Հայ Ընտանիք Մնացած Են
Կեսարիայէն 20 հոկտեմբեր թուականով կը գրեն.-
Մեր թեմի վաստակաւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ քանի մը օր առաջ Կէմէրէկի գիւղերը հովուական այցելութիւն մը տուած էր, երէկ առաւօտ Գայսէրի վերադարձաւ։ Միայն Կէմէրէկի մէջ հազիւ 20-25 ընտանիքներ մնացած են. իսկ Եէքմէնի մէջ 12 ընտանիք։ Շատերը հողագործութեամբ կը զբաղին եւ բարեկեցիկ վիճակ մը ունին։
Քաղաքին եւ գիւղերու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն Արեւելքէն եւ Թրակիայէն եկած թուրք գաղթականներ եւ ամէնքն ալ եղբայրաբար կ՛ապրին։ Գայսէրիի ելեկտրական ցանցը, որ կապուած է Սարէչ գիւղին գետին, շատ մեծ մեքենաներով ագուցուած է եւ մինչեւ Գայսէրի պասով երկուքուկէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ ելեկտրական ձողեր զետեղուած են։ Ամէն գիւղ ունի իր ուրոյն նախակրթարանը, որոնցմէ շատերու ուսուցիչները սիրով ընդունած են տէր հօր կողմէ կատարուած թելադրութիւնները։
Այս շրջաններուն օդը եւ տեսարանները շատ առողջարար եւ հիանալի են։
Երկրագործ գիւղացին առատ բերքին ի տես ուրախ զուարթ կ՛աշխատի դաշտերու մէջ։ Պուրհան, Տէնտիլ, Սարօղլան, Եահեալը ագարակին մէջ հայութիւն չէ մնացած։ Սարըօղլան գիւղը, որ այժմ գիւղաքաղաքի վերածուած է, ծննդավայրն է Սահակ Ծ. վարդապետ Փափազեանի, երկաթուղիի կայան ըլլալով ծածկուած է բարեբեր արտերով։
Այսօր, Հայկազուն քահանան Ս. պատարագ մատուցեց եւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարեց քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, ի յիշատակ պոլսաբնակ բնիկ գայսէրիցի տոքթ. Յարութիւն Խորխորունիի ծնողաց։
Տէր հայրը իր այցելութեան միջոցին գիւղերը գտնուելուն տոքթորը չէ կրցած տեսակցիլ հետը եւ եկեղեցիի պաշտօնեաներուն իր նուէրը տալով, Պոլիս վերադարձած է։
Հոս օդերը ցրտեցին, առաւօտները սաստիկ պաղ կ՛ընէ։ Արգէոս լերան գագաթը ձիւնով ծածկուած է։ Այգեկութքը աւարտեցաւ, ու վարուցանը սկսաւ։


