«Ազդակ»՝ Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քարանթինայի Հայկական Հիւղաւանին Հրկիզումը Եւ Անշքացումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անպատսպար մնացած աղէտահար ընտանիք մը

Անպատսպար մնացած աղէտահար ընտանիք մը

Քարանթինայի հայկական հիւղաւանը 17 յունուար 1963-ի երեկոյեան հրդեհուեցաւ. բազմաթիւ հիւղեր հրոյ ճարակ դարձան եւ անոնց բնակիչները անպատսպար մնացին։ Պետութեան, ազգային իշխանութիւններուն, Օգնութեան խաչին եւ բարեսիրական միութիւններու տրամադրած օժանդակութեանց շնորհիւ աղէտեալները առժամաբար պատսպարուեցան եւ սնունդ ստացան։

«Ազդակ» օրին լայնօրէն անդրադարձած է Քարանթինայի աղէտին։ Ուրբաթ, 18 յունուար 1963-ի թիւով եւ «Հրդեհ Քարանթինայի մէջ» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

***

Հինգշաբթի գիշեր, ժամը 9։00-ին, անծանօթ պատճառներով, հրդեհ մը ծագեցաւ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ։

Շուտով հրդեհը մեծ համեմատութիւններ ստացաւ, տարածուելով մինչեւ Քարանթինայի հայոց եկեղեցիի շրջապատը եւ լափելով երկու հարիւրէ աւելի տնակներ։

Պէյրութի հրշէջ խումբը ուշ հասած ըլլալով, ամբողջ թաղին մէջ յուզում եւ իրարանցում ստեղծուեցաւ։ Բոցերը տասնեակ մեթրներով երկինք կը բարձրանային, մղձաւանջային վիճակ մը ստեղծելով աղէտեալներու մօտ, որոնք տուն տեղ ձգած, հազիւ մէկ հագուստով, դուրս կու գային բոցավառ շրջանէն։

Արաբական հիւղաւանէն սկսած այս կրակը շուտով հասած էր հայկական շրջանը, ուր ամբողջ ժողովուրդը, մէկ մարդու պէս, փրկութեան գործին նուիրուած էր։

Հայ երիտասարդներ գործի լծուած, կրակ առած շրջանը առանձնացնելու համար, կարգ մը հիւղեր կը քանդէին, իսկ ուրիշներ շրջանի տուները կը պարպէին։

Ժողովուրդին մօտ ստեղծուած սարսափն ու յուզումը չափ ու սահման չունէր։ Հրդեհի ծագումէն մօտ մէկ ժամ ետք հասած հրշէջները գործի լծուեցան եւ կրցան աղէտը սահմանափակել։ Ժամը 11։00-ին, գրեթէ մարած էր կրակը։ Ելեկտրական բոլոր գիծերը այրած ըլլալով, շրջանը մնացած էր խաւարի մէջ, աւելի սաստկացնելով խուճապը։

Աղէտահար ընտանիքներ, ծեր, երեխայ, այր ու կին, մաս մը ապաստանեցան Քարանթինայի վարժարանը, որ հազիւ փրկուած էր բոցերէն, ուրիշներ իրենց ազգականներուն տուները փութացին։

Աղէտին լուրը իսկոյն հասած էր ազգային պատասխանատուներուն։ Տեղին վրայ փութացին պետական երեսփոխաններ զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Վարդգէս Շամլեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ ուրիշներ, որոնք ժողովուրդին մէջ մտնելով, կազմակերպեցին փրկութեան գործը։

Ընդհանուր դատախազը, ընկերակցութեամբ ոստիկանութեան տնօրէնին եւ Պէյրութի հարցաքննիչ դատաւորին, տեղւոյն վրայ սկսաւ նախնական քննութիւններուն, ճշդելու համար հրդեհին պատճառը։

Թէեւ մինչեւ ուշ գիշեր կարելի չեղաւ ճշդել, թէ մարդկային զոհեր կա՞ն թէ ոչ, բայց ըստ «Լ՛Օրիան»-ի, տղեկ մը շնչահեղձ ըլլալով մեռած է։ Քանի մը հոգիներ ալ այրուցքներ ստացած են։

***

Յաջորդ օր, շաբաթ, 19 յունուարի թիւով եւ «Քարանթինայի ահաւոր աղէտը» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

Հինգշաբթի գիշեր Քարանթինայի մէջ պատահած ահաւոր հրդեհը խոր յուզում ստեղծեց Լիբանանի բոլոր շրջանակներուն մէջ։ Ուրբաթ առտու միայն յայտնի եղաւ, թէ որքան մեծ եղած է տարողութիւնը աղէտին, որուն հետեւանքով 150 խրճիթներ հրոյ ճարակ դարձած են եւ աւելի քան 600 հոգի անպատսպար մնացած։

Կառավարութիւնը անմիջապէս մտահոգուեցաւ այս ծանր աղէտով, որ կը հարուածէր համեստ դասակարգի պատկանող հարիւրաւոր ընտանիքներ։

Ինչպէս Սկսաւ Հրդեհը

Գիշերուան ժամը ճիշդ 9։00-ին, Քարանթինայի կեդրոնական թաղին մէջ գտնուող արաբական ընտանիքի մը խրճիթէն սկսաւ հրդեհը, օճախի մը մօտ եղող պենզինի շիշը կրակ առած ըլլալով։ Բոցերը արագօրէն սկսան տարածուիլ խիտ տուներու շարքերէն ներս՝ սրտաճմլիկ տեսարան մը պարզելով ամբողջ շրջանին մէջ։ Միաժամանակ տեղի ունեցած երկու պիւթակազի շիշերու պայթումը աւելի վախ եւ խուճապ ստեղծեց շրջանի բնակչութեան մէջ։ Կրակ առած տան տիկինը, որ առիթ չէր ունեցած փախչելու, իր 14 տարեկան զաւկին հետ այրեցան ու տեղւոյն վրայ մահացան։ Կան նաեւ այրուցք ստացող բազմաթիւ անձեր, որոնց մէջ կը գտնուին քանի մը հայեր։

Հրշէջներու Ուշացումը

Անմիջապէս որ կրակը ծայր տուած է, հեռաձայնային դիմումներ կատարուած են հրշէջներու կեդրոնը, բայց դժբախտաբար, հրշէջ խումբը չէ կրցած ժամանակին հասնիլ եւ հազիւ երեք քառորդ ժամ ետք սկսած է մարելու գործողութիւնը։ Միւս կողմէ, հրշէջները մեծ դժուարութիւններու մատնուած են շրջանի փողոցներու նեղութեան պատճառով։ Այս կացութեան առջեւ, կարիքը զգացուած է նաեւ օդակայանի հրշէջներուն, որոնց հասնելէն ետք միայն կարելի եղած է կրակը զսպել։

Օգնութեան Գործի Կազմակերպումը

Աղէտին լուրը իմանալով, անմիջապէս Քարանթինա փութացած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, պետական երեսփոխաններ զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Վարդգէս Շամլեան եւ Մովսէս Տէր Գալուստեան, որոնք օգնութեան գործը կազմակերպած եւ անմիջական անհրաժեշտ միջոցներու կարգադրութեամբ զբաղած են։ Իրար ետեւէ օգնութեան հասած են բանակը եւ թիւ 16 ջոկատը։

Հրդեհը աւերած է շուրջ 150 տուներ, որոնցմէ երեսունը կը պատկանին հայերու։ 165 հայեր անպատսպար մնացած են, իսկ բազմաթիւ արաբ հայրենակիցներ նոյն վիճակին ենթարկուած են։

Նիւթական վնասները անհաշուելի համեմատութիւններու հասած են։ Հրոյ ճարակ դարձած խրճիթներու մէջ գտնուող բոլոր գոյքերն ու կարասիները այրած են։ Շատեր հազիւ կրցած են գիշերանոցով մը փախչիլ իրենց տուներէն։

Առաւօտուն աղէտին վայրը հասած են պետական երեսփոխաններ Ժոզէֆ Չատըր եւ Խաչիկ Պապիկեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Ուաֆիք Նսուլի եւ Ժիրայր Խաչատուրեան, որոնք տեղւոյն վրայ արձանագրութիւններ կազմած են անպատսպարները տեղաւորելու եւ  պարենաւորելու համար։ Միւս կողմէ, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էմին Պէյհում ամբողջութեամբ տրամադրուած է աղէտեալներու օգնութեան գործին եւ դիմումներ կատարած առողջապահական նախարարութեան, բանակի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան Կարմիր խաչին։

Քարանթինա փութացած էին նաեւ առաջնորդական տեղապահ Տէր Յարութիւն Ա. քահանայ Կէպէնլեան, ընկերակցութեամբ Քաղաքական Ժողովի ատենապետ Ռուբէն  Մաւիսագալեանի, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան գործավար տիկին Լ. Սասունի, զուիցերիական բարեսիրական հաստատութեան տնօրէնուհի օրդ. Վիցցիման, Գարակէօզեան հիմնարկութենէն տիկին Դաւիթեան։

Անմիջական օգնութեան հասնելու տրամադրութեամբ, հեռաձայնած են Ապրոյեան գործատունը եւ Միսաք Ազիրեան։

Առտուն Օգնութեան խաչը, թաղականութիւնը, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը միասնաբար կազմած են յանձնախումբ մը, զբաղելու համար օգնութեան գործով։

Պէյրութ

Պէյրութ

Կէսօրէ ետք, ժամը 1։00-ին, բանակի ներկայացուցիչ սպաներ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետութեան անդամ Ժիրայր Խաչատուրեանի, եկած են աղէտին շրջանը եւ տեղւոյն վրայ ստուգումներ կատարելէ ետք, ընտրուած են երկու բացօթեայ յարմար վայրեր՝ հայերու եւ արաբներու յատուկ վրաններ լարելու համար։ Բանակը տրամադրած է 150-200 վրաններ եւ 600 ծածկոցներ՝ աղէտեալները պատսպարելու համար։

Ուաֆիք Նսուլիի եւ Ժիրայր Խաչատուրեանի անմիջական կարգադրութեամբ, թրաքթէօրներ սկսած են հարթել հրդեհուած վայրը՝ հաւանական համաճարակներու առաջքը առնելու մտահոգութեամբ։

Կէսօրին արդէն, Լիբանանահայ Օգնութեան խաչը, իր «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկով կերակրած էր աղէտեալները։ Իսկ Լիբանանեան Կարմիր խաչը պիտի զբաղի պարենաւորման եւ զգեստաւորումի խնդրով։

Ներքին գործոց նախարարը շփման մէջ մտաւ  ֆրանսական դեսպանատան հետ եւ խնդրեց, որ աղէտեալները առժամապէս ապաստան գտնեն Նահրի մէջ գտնուող Ռէժիի նախկին շէնքերուն մէջ, որոնք ֆրանսական ստացուածք են։

Միւս կողմէ, փոխվարչապետ Ֆիլիփ Պուլոս եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժըմայել եւս այցելած են աղէտահար շրջանը եւ խոստացած ամէն օժանդակութիւն ընծայել աղէտեալներուն։

Իսկ երեկոյեան մօտ շրջանը այցելած է ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի՝ վերջին կարգադրութիւնները ընելու համար։

***

Քարանթինայի աղէտեալներուն օգնելու նպատակով լիբանանեան կառավարութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը կազմեց։ «Պաշտօնական յանձնախումբ աղէտեալներուն օգնութեան համար» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

Ուրբաթ, 18 յունուար 1963, ժամը 1։00-ին, վարչապետարանի մէջ, փոխվարչապետ Ֆիլիփ Պուլոսի նախագահութեան տակ, ժողով մը գումարուեցաւ։ Ժողովին հրաւիրուած էին եւ ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Պէյրութի նահանգապետ Էմիլ Եաննի, վարչապետութեան ընդհանուր տնօրէն Նազըմ Աքքարի, Պէյրութի քաղաքապետութեան նախագահ Էմին Պէյհում, ընկերային գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ռիատ Ուահիտ, առողջապահական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ժեմիլ Անութի, ընկերային բարգաւաճման սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Պըրժաուի եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչը ներկայացնող երեք տիկիններ։

Այս ժողովը, հայ երեսփոխաններու առաջարկով որոշեց կազմել յանձնախումբ մը, Քարանթինայի արկածեալներու խնդրով զբաղելու համար։

***

Իր կարգին Լիբանանահայ Օգնութեան խաչը հրապարակեց յատուկ կոչ մը, ուր կ՛ըսուի.

Քարանթինայի ահաւոր հրդեհը բազմաթիւ հայ ընտանիքներու դժբախտութեան պատճառ դարձաւ։ Երեսունէ աւելի ընտանիքներ մնացին բոլորովին անպատսպար, կորսնցնելով իրենց բոլոր կարասիներն ու գոյքերը։

Այս աղէտալի կացութեան առջեւ, Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք միշտ ցոյց տուած են իրենց եղբայրական վերաբերումը, որպէսզի այս անգամ եւս օգնութեան փութան իրենց աղէտահար եղբայրներուն։

Բացի նիւթական նուիրատուութիւններէ, անհրաժեշտ կարիք կայ նաեւ հագուստեղէնի։ Նուիրատու հայրենակիցները իրենց նուէրները կրնան յանձնել Օգնութեան խաչի գրասենեակը, Ժողովրդային տուն։

***

Պէյրութի կեդրոնական գօտին

Պէյրութի կեդրոնական գօտին

Իսկ 21 յունուար 1963-ի թիւով եւ «Քարանթինայի հայ աղէտեալներու թիւը 200» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

Քարանթինայի աղէտի հետեւանքով անպատսպար մնացողներու օգնութեան գործը բուռն թափով առաջ կը տարուի։ Հայ աղէտեալները անցած շաբաթ օրուընէ ի վեր տեղաւորուած են Քարանթինա թաղի ֆրանսապատկան շէնքերու մէջ։ Կազմակերպուած է նաեւ կաթի ու սննդեղէններու հայթայթման գործը։

Ստուգուած է վերջնականապէս, թէ անպատսպար մնացող հայերու թիւը կը բարձրանայ 200-ի։ 40 հայապատկան հիւղակներ հրոյ ճարակ դարձած են։

Աղէտեալները ստիպողական կարիք ունին հագուստեղէնի, տրուած ըլլալով որ անոնք հազիւ կրցած են իրենց կեանքերը ազատել արագօրէն առաջացող բոցերէն։

Քարանթինայի կոմիտէի, թաղականութեան եւ Օգնութեան խաչի գործակցութեամբ կազմուած յանձնախումբը տեւական նիստի մէջ մնալով հետեւեցաւ անպատսպարներու օգնութեան եւ տեղաւորման գործին։

Միւս կողմէ կառավարութեան կազմած յատուկ յանձնախումբը հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրաւ՝ լաւագոյնս կազմակերպելու համար օգնութեան գործը։

Կիրակի, 20 յունուարին, կառավարական յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան այցելեց Քարանթինա եւ անձամբ զբաղեցաւ տեղաւորման գործով։

Նախագահը Կը Հետաքրքրուի
Աղէտեալներով

Հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապ  շաբաթ առտու Քարանթինայի աղէտեալներուն մօտ ղրկեց նախագահութեան փրոթոգոլի պետ Ժորժ Հայմարին։ Ժ. Հայմարի այցելեց այն վայրը, ուր կը գտնուէին խրճիթները, որոնք հրոյ ճարակ դարձան հինգշաբթի գիշեր, ապա գնաց աղէտահար ընտանիքներուն մօտ։

Միւս կողմէ, դահլիճի խորհուրդը երկուշաբթիի իր նիստը յատկացուց այս հարցի քննութեան։ Նախարարները քննեցին աղէտեալներուն օգնութեան փութալու միջոցները։ Ճշդուեցաւ այն գումարը, որ կառավարութիւնը որոշած է յատկացնել իբրեւ օժանդակութիւն։

Իր կարգին, Պէյրութի ընդհանուր դատախազ Սայիտ Պերժաուի յայտարարեց, թէ քննութիւնները կը շարունակուին՝ հրդեհին պատճառները ճշդելու համար։ «Փրկութեան գործողութիւնները կը շարունակուին, ըսաւ Պերժաուի, ու ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները պահակ կը կենան խրճիթներու մօտ, որպէսզի կողոպուտ տեղի չունենայ»։

Քուէյթի իշխաններէն շէյխ Ապտալլա Մուպարաք 100,000 լ. ոսկի յատկացուց աղէտեալներուն։ Շէյխը այդ գումարը ներկաացնող չէքը յանձնեց փոխվարչապետ Ֆիլիփ Պուլոսի։

***

Քարանթինայի հայկական հիւղաւանը, աղէտէն ետք աստիճանաբար պարպուեցաւ։ Խորէն Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկաբնակ Լէյլա Գարակէօզեանի բարերարութեամբ եւ Տաճատ սրբազանի առաջնորդութեան օրով կառուցուեցան Ֆանարի ժողովրդային բնակարանները, ուր փոխադրուեցաւ Քարանթինայի հայութեան մեծ մասը։ Շրջանը, ի պատիւ բարերարուհիին կոչուեցաւ Լէյլաւան։

 

Share this Article
CATEGORIES