Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արեւորդի» 4-րդ Միջազգային Բնապահպանական
Փառատօնի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Անասուններու Դիմակահանդէս-Շքերթ
Արդէն 4-րդ անգամ իրականացուող դիմակահանդէս-շքերթին մասնակցած էին Երեւանի եւ Հայաստանի 6 մարզերու՝ Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Արարատի, Տաւուշի, Կոտայքի, Լոռիի մօտաւորապէս 500 պատանիներ, որոնք թափօններէն պատրաստուած անասուններու դիմակներով եւ զգեստներով գեղեցիկ շքերթով մը անցան Երեւանի փողոցներով՝ մայրաքաղաքը լեցնելով վայրի բնութեան շունչով: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս երթը կը գլխաւորէր Գերմանիոյ Պրեմէն քաղաքէն եկած «Քոնֆուսաօ» խումբը:
Մատենադարանի յարակից տարածքէն սկսած շքերթը աւարտեցաւ Հիւսիսային պողոտային մէջ՝ բացօթեայ համերգով:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ իրականացուող դիմակահանդէս-շքերթը կոչուած է բարձրաձայնելու անասուններու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցերու մասին, յատկապէս այն անասնատեսակներու, որոնք վտանգուած են կամ կը գտնուին անհետացման եզրին: Շքերթը նաեւ իւրօրինակ մրցոյթ է: Մասնակից 25 խումբերը, որոնցմէ 7-ն երաժշտական մրցում են 3 անուանակարգերու մէջ՝ լաւագոյն բնապահպանական զգեստ, լաւագոյն ստեղծագործական լուծում, լաւագոյն երաժշտական խումբ: Մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2014 թուականի փետրուարին: Թափօններուն երկրորդ կեանք տուած 18 խումբերը այս տարի կը ներկայացնէին 14 տարբեր անասնատեսակներ:
Արդէն աւանդական դարձած շքերթը կ՛իրականացնէ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC-ՎԲՄԱՊՀ)՝ գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ միատեղ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուած հանրային իրազեկումը կը համարէ իր առաքելութեան մէկ մասը: Ընկերութիւնը մշտապէս կ՛աջակցի եւ իր մասնակցութիւնը կը ցուցաբերէ ՎԲՄԱՊՀ նախաձեռնութիւններուն:
Բարգաւաճող Երկիրներու Ցանկին Մէջ
Հայաստան 95-րդն Է
Բրիտանական «Լեքատում ինսթիթիութ» կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի ամէնէն բարգաւաճ երկիրներու «Փրոսփերիթի ինտեքս» տարեկան վարկանիշը: Հայաստան ցանկին մէջ 95-րդն է՝ 142 երկիրներու մէջ: 2012 թուականի վարկանիշին հետ բաղդատելով՝ Հայաստան այս տարի իր կացութիւնը բարելաւած է երեք դիրքով։
Վերջնական արդիւնքը կատարուած է հիմնուելով կարգ մը բաժանմունքներու վրայ։ Տնտեսական վիճակով Հայաստան յայտնուած է 116-րդ դիրքին վրայ, ձեռնարկատիրութեան պայմաններով՝ 75-րդ, պետական կառավարման՝ 89-րդ, կրթութեան՝ 42-րդ, առողջապահութեան՝ 87-րդ, անվտանգութեան՝ 65-րդ, անձի ազատութեան 117-րդ, հանրային դրամագլուխով՝ 129-րդ:
Ցանկին մէջ առաջին դիրքի վրայ է Նորվեկիան, երկրորդ՝ Զուիցերիան։ Անկէ ետք կու գան Քանատան, Շուէտը եւ Նոր Զելանտան։
Աշխարհի մէջ ամէնէն վատ դիրքերը ունին Աֆղանիստանը՝ 139 հորիզոնական, Քոնկոն՝ 140, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւնը՝ 141, Չատը՝ 142-րդ:
Ըստ ցանկին, Ռուսիան 61-րդ դիրքի վրայ է, Ազրպէյճանը՝ 81, Վրաստանը՝ 84, Թուրքիան՝ 87:
«Հայաստանը Եւ Արաբական Աշխարհը.
Պատմութիւն Եւ Արդի Հարցեր» Նիւթով Գիտաժողով
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած է «Հայաստանը եւ արաբական աշխարհը. պատմութիւն եւ արդի հարցեր» երիտասարդական գիտաժողովը: Անիկա նուիրուած է անուանի պատմաբան, արեւելագէտ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի 85-ամեակին:
Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած է նաեւ գիտնականին մեծ հօր՝ «Մարաշի տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը» գիրքը, որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Կիլիկիոյ հայութեան կեանքին մասին:
Նշանաւոր պատմաբան, արեւելագէտ Արամ Տէր Ղեւոնդեանին ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանը կը յիշէ իբրեւ մտերիմ ընկերոջ, լաւ դրացիի, անուանի գիտնականի: Անոր առնչուած բազմաթիւ պատմութիւններ կան նաեւ ակադեմիկոս Վլադիմիր Բարխուդարեանի յիշատակներուն մէջ։ «Այն անձնաւորութիւնը, որ կեանքի եւ աշխատանքի մէջ ուղիղ եւ արդար մարդ է, նոյնն է նաեւ գիտութեան մէջ: Ահա Արամ Տէր Ղեւոնդեանը այդպիսին էր՝ ուղղամիտ, թերութիւն չհանդուրժող, պարզ»:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէյ Քաղաքի
Քաղաքապետ-Ծերակուտական
Ժան Քլոտ Կոտենի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը
Հոկտեմբեր 25-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի քաղաքապետ-ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտենի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին՝ Մարսէյի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Ռոլան Պլումը, Մարսէյի քաղաքապետի տեղակալ Տիտիէ Փարակիան, Մարսէյ 13 եւ 14-րդ թաղամասերու թաղապետ Կարօ Յովսէփեանը, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան Տոմինիք Վլաստոն: Հանդիպմանը ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենոն:
Նախարարը ողջունեց ներկաները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու, Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ապրող հայերուն՝ Ֆրանսայի հասարակական կեանքին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելուն համար:
Քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման վերաբերող օրէնքներու նախագիծերուն ուղղուած աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:
Ժան Քլոտ Կոտեն շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ Մարսէյի մէջ կ՛ապրին 80 հազար հայեր, որոնք համախմբուած են եւ աշխատասէր: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն Հայաստանի եւ Ֆրանսայի զարգացման, առաջընթացին, ինչպէս նաեւ ջերմ բարեկամութեան համար: Քաղաքապետը ընդգծեց, որ հայերը կարեւոր դերակատարութիւն ունին Ֆրանսայի տնտեսութեան մէջ: Հայերու հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ բացուած է Համազգային դպրոցը, որ դրական ընդունելութիւն գտաւ ֆրանսական միջավայրին մէջ: Ներկայիս դպրոցը ունի 320 աշակերտ, որոնք բոլորն ալ ունին բարձր յառաջադիմութիւն:
Հանդիպման աւարտին Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտեն Հայաստանի սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց Մարսէյի շքանշանով:
«Արփա» Հիմնարկի Տնօրէն Յակոբ Փանոսեան
Հանդիպում Կ՛ունենայ ԵՊԲՀ-ի Ուսանողներուն Հետ
Նոյեմբեր 7-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մագիստրոսներու եւ տոքթորականի թեկնածուներու հանդիպում՝ Լոս Անճելըսի «Արփա» հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեանը եւ Բժշկական համալսարանի ուսումնական աշխատանքներու փոխնախագահ Սամուէլ Աւետիսեանը:
Յակոբ Փանոսեան ուսանողներուն եւ երիտասարդ հետազօտողներուն ներկայացուց «Արփա» հիմնարկի «Նորարարութիւն» տարեկան մրցումի կայացման եւ պարգեւատրման կարգը: Մրցանակաբաշխութիւնը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի գիտական հաստատութիւններու երիտասարդ գիտնականներ, տոքթորականի թեկնածուներ եւ մագիստրոսներ, արդէն 6-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի: Մրցանակի կը տիրանան գիտական նորութիւն կամ գիւտ հանդիսացող աշխատանքները՝ ստանալով դրամական պարգեւներ:
Բանախօսին զեկուցումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց երիտասարդ հետազօտողներուն մօտ, որոնց համար այս մրցոյթին մասնակցիլը գիտահետազօտական գործունէութիւնը խթանող կարեւոր ազդակ կը հանդիսանայ:
Հայ Բեմադրիչին Ժապաւէնը Միջազգային
Շարժապատկերի Փառատօնին Ոսկէ Մետալի Արժանացած Է
Երիտասարդ բեմադրիչ Արէն Վաթեանի «Կաւէ մարդը» 20 վայրկեաննոց ժապաւէնը այս տարի «Նո Ֆի» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին մասնակցած հայկական խումբին ոսկէ մետալ ապահոված է:
Ժապաւէնը յուսահատ ծերունիի եւ անոր ապրելու փափաքը վերադարձնող տղայի մը մասին է: Ասիկա միակ յաջողութիւնը չէ։ Արդարեւ, հայկական խումբը գրաւած է երրորդ դիրքը՝ ստանալով պատուոյ գիրեր:
Արէն կը խոստովանի, որ ասիկա իր առաջին ժապաւէնն էր եւ առաջին յաղթանակը: Ժապաւէնը բեմադրած է Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին աջակցութեամբ: Կա՞յ պետական աջակցութիւն երիտասարդ բեմադրիչներուն. «Կայ, բայց փոքր: Մեր պետութեան պէս փոքր», նշած է ան։
Հետաքրքրական բեմագրութիւն, երեւակայութիւն, զրուցելու ուրոյն կարողութիւն, լաւ դերասանական կազմ եւ բաւարար գումար: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ, որոնք թէ՛ լաւ բեմագրութիւն ունին, թէ՛ հետաքրքրական գաղափարներ, բայց այս բոլորը իրականացնելու համար չունին վերոյիշեալ շարքին վերջինը, որ ամէնէն կարեւորն է՝ գումարը։
Արտաշէս Յովհաննիսեանը «Ոչ առեւտրական ժապաւէնի հայկական կեդրոն»-ի հիմնադիրն է: Կեդրոնը կը գործէ երեք տարիէ ի վեր եւ արդէն բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ բացայայտած է՝ անոնց օգնելու մասնակից դառնալու արտերկրի մէջ կազմակերպուող միջազգային փառատօներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անոնք ձեռնունայն չեն վերադարձած:
Իսկ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է նախ առաջին հերթին լաւ մասնագէտներ պատրաստել, լաւ ժապաւէններ նկարել եւ այդ ժապաւէնները չներկայացնել միայն փառատօնէ փառատօն:
Մինաս Աւետիսեանի «Հայաստան»
Որմնանկարը Պիտի Վերանորոգուի
Շիրակի մարզի Վահրամաբերդ գիւղի մշակոյթի տան նախասրահին մէջ գտնուող Մինաս Աւետիսեանի «Հայաստան» որմնանկարը պիտի ամրացուի եւ վերանորոգուի: Որմնանկարի վերականգնման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն «Մինաս Աւետիսեան» մշակութային-բարեսիրական հիմնադրամին իբրեւ նուիրատուութիւն պիտի յատկացուի 225 հազար 26 դրամ:
«Հայաստան» որմնանկարը ունի հանրապետական նշանակութեան յուշարձանի կարգավիճակ: Յուշարձանի անխաթար պահպանման, ինչպէս նաեւ տարբեր բնոյթի ազդեցութիւններու իբրեւ հետեւանք (ներառեալ՝ շինարարական աշխատանքները) հասած վնասը չէզոքացնելու համար անհրաժեշտ է կատարել որմնանկարի մաքրութեամբ, ամրացման եւ վերականգնման աշխատանքներ:
Որմնանկարը կատարուած է գաճի կրային շաղախի հիմքի վրայ: Բնական եւ այլ ազդեցութիւններու իբրեւ հետեւանք՝ առկայ են որմնանկարի շաղախի շերտերու տեղաշարժ, տարանջատուած, դատարկ հատուածներ, ներկի շերտերու քայքայում, վնասուած ու կորսուած մասեր: Որմնանկարին հետագայ քայքայումը կանխարգիլելու առաւել ընդունելի տարբերակը անոր ամրակայումն ու վերականգնումն է:
Որմնանկարը 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք մինչեւ նախորդ տարի գտնուած է բաց երկնքի տակ՝ փայտէ պատնէշի մէջ: Որմնանկարը ոչնչացումէ փրկելու նպատակով, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով եւ պետական միջոցներով կառուցուած է մշակոյթի տուն, ուր տեղադրուած է «Հայաստան»-ը:
2010-2012 թուականներուն «Մինաս Աւետիսեան» հիմնադրամին կողմէ ամրացուած, վերականգնուած կամ տեղափոխուած են նկարիչին՝ «Հանդիպում», «Խաչքարի մօտ», «Գորգ են գործում», «Երկանք», «Թել են մանում», «Հայկական հովուերգութիւն» եւ այլ որմնանկարներ։
«Երեւան Շօ-2013-ը» Կը Համախմբէ
Աշխարհի Հայ Ոսկերիչները
Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան «Երեւան Շօ-2013» երրորդ միջազգային ոսկերչական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 28-30 հոկտեմբերին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Հայաստանը աշխարհի միակ երկիրն է, ուր Ոսկերիչի օրը պետական տօն կը նկատուի եւ կը նշուի ամէն տարուան հոկտեմբերի վերջին կիրակին։
Այս ցուցահանդէսին մասնակցեցան համաշխարհային ճանաչում ունեցող ոսկերչական եւ ժամագործական ընկերութիւններ, արտադրողներ՝ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թայլանտէն, Հոնկ Քոնկէն, Արժանթինէն, Չինաստանէն, Յորդանանէն, Իսրայէլէն, Յունաստանէն եւ այլ երկիրներէ:
Յատկանշական է նաեւ, որ իրենց մասնակցութիւնը բերին ոսկերչական բնագաւառի նշանաւոր գործիչներ եւ ընկերութիւններ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան ոսկերչական գործեր՝ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերով, մարգարիտներով զարդեր, ժամացոյցներ, ինչպէս նաեւ՝ զարդեղէններ, սարքաւորումներ եւ գործիքներ՝ ոսկերչական արտադրութեան համար:
Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկերչական ոլորտի ժամանակակից վիճակը՝ խնդիրներ եւ հեռանկարներ» խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը ներկայացուց միութեան մէկ այլ կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ Երեւանի մէջ ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը, որուն իրականացումով Հայաստան վերածուեցաւ ոսկերչական ոլորտի առաջատար համաշխարհային կեդրոններէն մէկուն:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ ոսկերչական իրերու արտադրութեան քանակը այս տարուան յունուար-օգոստոսին կազմած է՝ 11.8 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով աւելնալով 14.6 տոկոսով։ Նոյն ժամանակաշրջանին արտադրուած են 759.1 քիլոկրամ ոսկերչական իրեր՝ նախորդ տարուան նոյն շրջանի 703.9 քկ.ի դիմաց (աճը՝ 7.8 տոկոս)։ Ադամանդներու արտադրութեան քանակը կազմած է 58.927 քարաթ՝ 2012 թուականի յունուար-օգոստոսի համեմատ աւելնալով 49.2 տոկոսով:
Միաժամանակ, թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերու, թանկարժէք մետաղներէ եւ անոնցմէ պատրաստած իրերու արտածումը այս տարուան յունուար-օգոստոսին կազմած է 120.3 միլիոն տոլար՝ 5.9 տոկոսով աճ արձանագրելով:
«Թումօ»-ն Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը
Կը Կազմակերպեն Ամերիկեան Վաւերագրական
Ժապաւէններու Փառատօն
«ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հետ հոկտեմբերի աւարտէն մինչեւ նոյեմբերի կէսը կը կայացնէ ամերիկեան վաւերագրական ժապաւէններու փառատօն:
«Երիտասարդներու ներուժը» խորագիրին տակ կազմակերպուող փառատօնին հիմնական նիւթը կը վերաբերի արուեստին, կրթութեան, կլիմայի փոփոխութիւններուն: Փառատօնի օրերուն վաւերագրող-բեմադրիչներ Ճէյ Ռոզընպլաթ, Քեթի Տելամաճէորի եւ Նելսըն Տելամաճէորի պիտի վարեն ֆիլմաստեղծման վարպետութեան եռօրեայ դասեր «ԹՈՒՄՕ» յաճախող պատանիներուն համար:
Փառատօնի հանրային իրազեկման նիւթերը պատրաստած եւ ձեւաւորած են «ԹՈՒՄՕ»-ի խումբ մը պատանիներ՝ յատուկ այդ նպատակով կայացած դասընթացքի ընթացքին: Ցուցադրութիւնները բաց պիտի ըլլան բոլորին համար։
Ռուս Դաշնակահարի Եւ Գերմանացի Ջութակահարի
Նուագահանդէսով Պիտի Եզրափակուի Երեւանեան
7-րդ Միջազգային Երաժշտական Փառատօնը
Վերջերս Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանեան 7-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնին եզրափակիչ նուագահանդէսը, որուն ընթացքին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցած է ռուս դաշնակահար Կոստանդին Լիֆշիցը եւ գերմանացի ջութակահար Կոլեա Պլախերը: Նուագահանդէսը ղեկավարած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թոփչեանը։ Նուագահանդէսի ընթացքին հնչած է Պրամսի, Սմեթանայի, Ռախմանինովի ստեղծագործութիւններէն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 2013-2014 թուականներու համերգաշրջանին բացումը կատարուած է սեպտեմբեր 11-ին՝ Երեւանեան 7-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնով, որ նուիրուած է հայ մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին: Փառատօնը կ՛իրականացուի Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանիին տակ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարներն են Էդուարդ Թոփչեանը եւ Ալեքսանդր Չաւուշեանը:
Երեւանեան 7-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակին մէջ կայացած են 7 սիմֆոնիք եւ 2 սենեկային նուագահանդէսներ, ինչպէս նաեւ մեծահամբաւ թաւջութակահար Մարիօ Պրունելլոյի (Իտալիա) եւ ճանչցուած դաշնակահար Կոստանթին Լիֆշիցի (Ռուսիա) մենահամերգները: Փառատօնային ծրագիրը կը ներառէ 12 նուագահանդէս։