Նոր Լարուածութիւն՝ Ազրպէյճան-Իրան Սահմանին Վրայ
Ազրպէյճան-Իրան սահմանի Պիլիասուվարի անցակէտին վրայ իրավիճակը դարձեալ սրած է։
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ սահմանը հատելու համար հերթի կանգնած բեռնատարներու քանակը հասած է գագաթնակէտին։ Նոր ժամանող փոխադրամիջոցներուն համար արդէն տեղ չկայ, շատերը հեռուն կը կանգնին, իսկ ուրիշներ ժամկէտանց դառնալու սպառնալիքի տակ են։
Ազրպէյճանցի եւ իրանցի սահմանապահները արդէն երկու անգամ հանդիպած են՝ իրավիճակը լուծելու համար, սակայն տակաւին արդիւնքի չեն հասած։
Յիշեցնենք, որ լարուածութիւնը կը պահպանուի արդէն շուրջ հինգ օրէ ի վեր։ Քանի մը օր առաջ Իրան փակած էր երկու սահմանային անցակէտ՝ հակադարձելով Ազրպէյճանի կողմէ մէկ անցակէտ փակելու որոշումին։
5 նոյեմբերին Իրանի տարածքին մէջ զինուորական հագուստով երկու մարդիկ կրակ բացած էին քարշակի մը ուղղութեամբ։
Վարշաւայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Դէմ Կատարուած Յարձակումին Հարցով Լեհաստանի Դեսպանը Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուած Է

