Վարշաւայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Դէմ Կատարուած Յարձակումին Հարցով Լեհաստանի Դեսպանը Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուած Է

Poland«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Վարշաւայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին հարցով Մոսկուայի մէջ Լեհաստանի դեսպան Վիոցեխ Զայոնչքովսքի կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ բացատրութիւն տալու։ Իսկ Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն հարցով արդէն 72 մարդ ձերբակալուած է։

Երկուշաբթի օր Լեհաստանի անկախութեան օրուան առիթով Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած էր 50 հազար հոգիի մասնակցութեամբ ցոյց մը, որուն ընթացքին ապահովական ուժերու հետ տեղի ունեցած էին բախումներ, որոնց պատճառով քանի մը ոստիկաններ վիրաւորուած էին։

Ցոյցին մասնակիցները հրկիզած էին Ռուսիոյ դեսպանատան ոստիկանական տաղաւարը, դեսպանութեան տարածք նետած էին պայթուցիկներ եւ հրկիզած Ռուսիոյ դրօշը։

Մոսկուայի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան շուրջ ապահովական միջոցառումները ուժեղացուած են։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )