«Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Տարակարծութեան Լուծումը Ժամանակի Պիտի Կարօտի» Ըսաւ Քերրի

Ճոն Քերրի

Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշեց, որ «մեծ տէրութիւնները Ժընեւի մէջ վերջին բանակցութեանց ընթացքին Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու շատ մօտ էին։ Մեզ իրարմէ բաժնողները որոշ հասկացողութեանց 4 կամ 5 տարբեր բանաձեւումներն են»։ Ան բացառեց, որ այդ մէկը պատճառ դառնայ, որ համաձայնութիւն չգոյանայ։

Քերրի «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկրին ու Իրանի միջեւ տարակարծութեան լուծման հարցը ժամանակի պիտի կարօտի՝ շեշտելով, որ «աշխարհը վստահ պէտք է ըլլայ, որ Իրան հիւլէական զէնք արտադրել չի ջանար»։ Ան նաեւ շեշտեց, որ «իւրանիոմի հարստացման շուրջ տակաւին կը շարունակուին բանակցութիւնները»՝ Իրանը ամբաստանելով «բանակցութեանց վերջին օրը հաւանական համաձայնութենէ մը հեռանալուն» համար։

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմի մէկ ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարի լուծման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը կրնան վտանգի ենթարկուիլ, եթէ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կիրարկուին։ «Մեր կարծիքով՝ ճիշդ հիմա լրացուցիչ պատժամիջոցներ հաստատելը կրնայ յանգեցնել դիւանագիտական համաձայնութիւններու տապալման», նշած է ան։

Քերրի կը նախատեսէ այսօր Քոնկրեսի դրամատուներու հարցերով յանձնախումբին տեղեկացնել Վեցեակի եւ Իրանի ժընեւեան բանակցութիւններուն ընթացքին մասին։

Զարիֆ Կը Նախատեսէ, Որ Հիւլէական Թղթածրարը
Մէկ Տարուան Ընթացքին Լուծուի,
Եթէ Արեւմուտքը Պատրուակներ Չստեղծէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ նշեց, որ «Արեւմուտքը պէտք է իրանցի ժողովուրդին վստահութիւնը շահի»՝ նշելով, որ «մենք Նիւ Եորքի մէջ արեւմտեան կողմին յայտարարեցինք, որ Իրանի դէմ արեւմտեան պետութեանց կիրարկած ճնշումի քաղաքականութիւնը «Արան» հիւլէական կայանի գործունէութեան ամրապնդման առաջնորդեց»։

Զարիֆ իրանեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախատեսեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարը լուծուի առաւելագոյնը մէկ տարիէն, եթէ Արեւմուտքը պատրուակներ չստեղծէ՝ աւելցնելով, որ «եթէ բարի կամեցողութիւն գոյութիւն ունի, ապա թղթածրարը լուծելու համար մէկ տարուան կարիք պիտի չունենանք»։

Լափիտ. «Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Պատճառով
Ամերիկայի Հետ Յարաբերութիւնները Լարուած Են»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական թղթածրարին պատճառով ներկայիս ամերիկեւիսրայէլեան յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն գոյութիւն ունի»։

Լափիտ ըսաւ, որ «ամերիկեան վարչակարգը Իրանի հետ համաձայնութեան կը ձգտի, հակառակ իսրայէլեան կեցուածքին»՝ աւելցնելով, որ «երկկողմանի յարաբերութիւնները խզումի աստիճանի չեն հասած»։

Իսրայէլացի նախարարը Իրանի հետ բանակցութեանց մասնակից մեծ տէրութեանց կոչ ուղղեց «այս առումով իսրայէլեան ընդդիմութիւնը նկատի ունենալու»։

Share this Article
CATEGORIES