Ուքրանական «Նաւթոկազ»-ը Դադրած Է «Կազփրոմ»-Էն Ռուսական Կազ Գնելէ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վառելիք ուժանիւթի համալիրի կեդրոնական վարչութիւնը երկուշաբթի օր յայտնած է, որ ուքրանական «Նաւթոկազ» ընկերութիւնը անցեալ ուրբաթ օր ռուսական «Կազփրոմ»-էն կազի գնումը ամբողջովին դադրեցուցած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Ուքրանիոյ ուժանիւթի եւ ածխային արդիւնաբերութեան նախարար Էտուարտ Սթաւիցքի յայտնած է, որ «Նաւթոկազ»-ը ամբողջութեամբ մարած է իր պարտքերը «Կազփրոմ»-ին՝ հոկտեմբերին մատակարարուած բնական կազին դիմաց։
CATEGORIES Միջազգային