Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ երկրին գերիշխանութիւնը կարելի չէ իրականացնել առանց ուժի եւ զօրութեան, իսկ անկախութիւնը կարելի չէ պահպանել առանց զոհողութիւններու։

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Հարաւային արուարձաններու կամ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ պայթումներ չէ գործած։ Ան հերքեց նաեւ Թրիփոլիի զինեալները ֆինանսաւորելու առումով բոլոր այն յայտարարութիւնները, որոնք կը վերագրուին Սէուտական Արաբիոյ։

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս մաղթեց, որ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիրի թղթածրարին բացումը ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարի սկիզբը։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Սուրիոյ մէջ բանտարկուած եւ անյայտ կորսուած լիբանանցիներու հարազատները։ Հանդիպումէն ետք Ժահժահ կոչ ուղղեց պետութեան ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ զանոնք Լիբանան վերադարձնելու համար, ինչպէս էր պարագան Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն։

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանն է, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան օրինականութիւնը, նկատի ունենալով ամբողջական իրաւասութիւններ վայելող կառավարութեան մը չգոյութիւնը։

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանի կառավարութիւնը իր իշխանութեան եւ հակակշիռին տակ պահել։

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հարիրի Ռիատի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ խոր քննարկումներ կատարած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին։

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը Լիբանանի համար մեծ բարիքներ պիտի ունենայ։

ԹԸՊՊԱՆԷԻ մէջ զինեալներ կրակ բացին սուրիացի քաղաքացիի մը վրայ, պարզապէս որովհետեւ ան սուրիական վարչակարգի զօրակից է։

 

Share this Article
CATEGORIES