Սեփական Դպրոցներու Դասադուլ՝ 26 Նոյեմբերին
Լիբանանի ուսուցիչներու սենտիքայի որոշումին համաձայն, Լիբանանի տարածքին գտնուող սեփական բոլոր դպրոցները դասադուլ մը պիտի կատարեն երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013-ին իբրեւ բողոք խորհրդարանին կողմէ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը ձգձգելու մօտեցումին դէմ։
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ գործող կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ կաթողիկէ դպրոցները պիտի չմասնակցին դասադուլին եւ ոչ ալ ժամանակ պիտի տրամադրեն դասադուլին մասին մտածելու։
«Մեզի համար զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման դասադուլ մը յայտարարել, երբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ներկայութեան, ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտի հետ համաձայնութիւն մը գոյացած է նման քայլերու չդիմելու կրթական տարեշրջանին ընթացքին», հաստատեց հայր Ազար։

