Մուսթաքպալի Պլոք. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Կ՛ամրապնդուի, Երբ Հըզպալլա Կը Դադրի Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին Բազուկը Ըլլալէ»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները։

Պլոքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը ըլլայ հիմնական հանգրուան մը՝ պետութեան հիմքերը ամրապնդելու եւ պետական հաստատութիւնները զօրացնելու ճամբուն վրայ։

Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը կ՛ամրապնդուի, երբ Հըզպալլա կը դադրի Իրանի յեղափոխական պահակագունդին բազուկը ըլլալէ։

Պլոքը խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող սպառնական ոճն ու դիմացինը դաւադրութեամբ ամբաստանելու տեսակէտը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )