Ռաատ. «Առանց Դիմադրութեան Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկազմուի»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլի ղեկավարները ինչ որ ալ ընեն, պիտի չկարենան փարատել իսրայէլացիներուն մտահոգութիւնները, որովհետեւ Դիմադրութեան մօտ կը գտնուի արհեստագիտական զէնքերէն բացի այլ զէնք մը, որ Իսրայէլ երբեք պիտի չկարենայ ունենալ։
«Այս դարը Դիմադրութեան դար է, հետեւաբար Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կարելի պիտի չըլլայ կազմել առանց Դիմադրութեան, իսկ եթէ առանց Դիմադրութեան կառավարութիւն մը կազմուի, ապա երկրին մէջ ամէն բան տակնուվրայ պիտի մնայ եւ այդ կառավարութիւնը պիտի չկարենայ իշխել երկրին։ Ասիկա ճշմարտութիւն է, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ շրջանցել Դիմադրութիւնն ու անոր համակիրները կամ ջնջել այս երկիրը կազմող բաղադրիչ մը», շեշտեց Ռաատ։
CATEGORIES Լիբանանեան

