Պըրրի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները։ Ապու Ֆաուր մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել։
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսը։
Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց ֆիլիփինցի իր պաշտօնակից Միլիշիանօ Պելմոնթի՝ Ֆիլիփեան կղզիները հարուածած մրրիկին պատճառած զոհերուն սուգին առիթով։
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ եթէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա անիկա շրջանին մէջ համազօր պիտի ըլլայ քաղաքական հիւլէական պայթումի մը, որուն դրական բեկորներէն պիտի ազդուի նաեւ Լիբանան։
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ակնարկելով՝ Պըրրի շեշտեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար ոսկեայ առիթ մըն է, որ պէտք չէ փախցնել։
Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է՝ աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անպայման կազմել կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը շարունակել։
Անդրադառնալով «Պաապտայի յայտարարութեան»՝ Պըրրի ընդգծեց, որ բոլորը համաձայն գտնուած են այս յայտարարութեան, որ ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն կապ ունի պաշտպանութեան ռազմավարութեան հետ։


