«Ոչ Ոքի Վրայ Կառավարութիւն Մը Պիտի Պարտադրեմ» Շեշտեց Թամմամ Սալամ

Հէյլ եւ Սալամ

Հէյլ եւ Սալամ

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները։

Միւս կողմէ, Սալամ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը դրական քայլ մըն է՝ աւելցնելով, որ ինք գրեթէ վստահ է, թէ Լիբանանի համար Ռիատի զօրակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ։

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան՝ Սալամ հաստատեց, որ այդ մասին լիբանանեան քաղաքական ուժեր արտաքին կողմերու հետ պիտի չբանակցին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնը չէ, այլ՝ նշանակեալ վարչապետին։

Այս շրջագիծին մէջ Սալամ հաստատեց, որ ինք արկածախնդիր տիպար մը չէ եւ ոչ ոքի վրայ կառավարութիւն մը պիտի պարտադրէ, որովհետեւ քաջ գիտէ, թէ այդ կառավարութիւնը իր կազմուած վայրկեանին իսկ կրնայ տապալիլ եւ կամ մեռած ծնիլ։

Share this Article
CATEGORIES