Զօր. Աուն. «Ո՛վ Որ Կը Խոչընդոտէ Լիբանանեան Քարիւղի Արտահանումը, Կ՛ուզէ Սնանկացնել Լիբանանը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ՝ աւելցնելով, որ Թրիփոլին տակաւին կը մնայ ահաբեկիչներուն հակակշիռին տակ։
«Այս իրականութեան մեծագոյն փաստը շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութիւնն է», ըսաւ զօր. Աուն՝ ընդգծելով եւ ցաւ յայտնելով, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական միջադէպերը կասեցնելու իմաստով ոչ մէկ որոշում տրուած է։
Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ համախմբումի նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ներկայացուցած է Կիպրոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները։ Այս առումով ան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր հասած է քարիւղի պեղման թղթածրարը եւ ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանէն քարիւղ արտահանել։
«Ո՛վ որ կը խոչընդոտէ լիբանանեան քարիւղի արտահանումը, կ՛ուզէ սնանկացնել Լիբանանը», ընդգծեց ան։
Զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին ուղղելով իր խօսքը շեշտեց, որ անոնք հսկայ պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուին, որովհետեւ այդ թղթածրարը ուղղակի ժողովուրդին կը վերաբերի։
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան անմիջական նիստ մը գումարելու, նախքան լիբանանցիները զօրաշարժի ենթարկելը։