Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրին վերադարձաւ Լիբանան՝ աւարտելէ ետք Սէուտական Արաբիա իր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը։

Նշենք սակայն, որ նախագահ Սլէյման երէկ առաւօտեան Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող նեդրումներու եւ տարբեր տեսակի աշխատանքներու լիբանանեան խորհուրդին հետ։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդին տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոր յարաբերութիւնները՝ սէուտական իշխանութիւններուն հետ։

Նախագահ Սլէյման ողջունեց պատուիրակութիւնը եւ ընդգծեց լիբանանցիներուն կողմէ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կը նպաստէ նաեւ լիբանանեան-սէուտական փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան խորացման։

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ երէկ յետմիջօրէին հաստատեցին, որ նախագահ Սլէյման Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը չէ քննարկած, ինչպէս նաեւ նկատել տուին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մաս չէր կազմեր լիբանանեան պատուիրակութեան, սակայն ան ներկայ գտնուած էր հանդիպումին, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին մօտ կը գտնուէր։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )