Շէյխ Սաատէտտին Ղիյա՝ Սպանութեան Թիրախ
Երկու զինեալներ երէկ Թրիփոլիի մէջ սպաննեցին Իսլամական աշխատանքի ճակատի ղեկավար խորհուրդի անդամ շէյխ Սաատէտտին Ղիյան, երբ ան առաւօտեան նամազը կատարելէ ետք տուն վերադառնալու համար ուղղուած էր իր ինքնաշարժը։ Շէյխ Ղիյա ինքնաշարժին ղեկին դիմաց նստած վիճակին մէջ ուղղակի փամփուշտներ ստացած էր իր գլուխէն եւ կուրծքէն։
Քրէական ոստիկանութիւնը անմիջապէս ժամանեց դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացաւ դէպքին շուրջ։
Ղիյա սիւննի կրօնաւոր մըն էր, որ կը հաւատար իսլամական միասնականութեան եւ կը զօրակցէր Դիմադրութեան։ Ան մտերիմ էր իսլամական «Թաուհիտ» շարժումի նախագահ շէյխ Հաշեմ Մընքարայի, անցեալ սեպտեմբերին փրկուած է մահափորձէ մը, երբ անոր ինքնաշարժին տակ 200 կրամ կշռող պայթուցիկ նիւթ գտնուած է։ Նշենք, որ շէյխ Ղիյա մահափորձէ մը փրկուած է նաեւ 2009-ին։
Շէյխ Հաշեմ Մընքարա խստիւ դատապարտեց Ղիյայի սպանութիւնը եւ այդ արարքին պատասխանատու նկատեց անցեալ կիրակի օր Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած փառատօնին մասնակիցները։
«Ո՞վ պիտի կասեցնէ խելագարութեան եւ ուրիշը ջնջելու այս «հանդէս»-ը, որ այսօր թիրախ կը դարձնէ Թրիփոլին։ Ո՞վ պիտի կասեցնէ արեան այս ջրվէժը», հարց տուաւ շէյխ Մընքարա։
Շէյխ Մընքարա ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց անմիջապէս բացայայտել այս սպանութեան դրդապատճառները, որոնք պէտք է փնտռել անցեալ կիրակի յետմիջօրէին տեղի ունեցած փառատօնին ընթացքին հնչած սպառնալիքներուն եւ սադրանքներու հրահրումին մէջ։
Ան պետութենէն պահանջեց սանձել արձանագրուած ապահովական այս բոլոր խախտումները։ «Մենք չենք ուզեր իրարու դէմ արիւնահեղութեան արշաւի մը մաս կազմել», ըսաւ շէյխ Մընքարա։
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Ղիյայի սպանութիւնը եւ ապահովական կառոյցէն պահանջեց բացայայտել այդ միջադէպին մեղսակիցները։
Իր կարգին, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ շէյխ Ղիյայի դէմ գործուած այս անարգ ոճիրը բնական արդիւնքն է Թրիփոլիի մէջ հնչող գրգռիչ յայտարարութիւններուն։

